Վանի ամրոցի փեշերուն կառուցուած «Անտիկ Վան քաղաք» անուամբ յայտնի բնակավայրէն մեր օրերը հասած աւերակները կամաց-կամաց կ’ոչընչացուն։ Արարատեան թագաւորութեան օրոք հինադրուած քաղաքի աւերակները, անցնելով հազարամեակներու միջով, երկար ժամանակ եղեր են գանձախոյզներու թիրախը։ Միջագէտք լրատուական գործակալութեան լուրերու համաձայն՝ գանձագողերը ապօրինի պեղումներու միջոցով աւերեր են գրեթէ ողջ տարածքը։ Բացի գանձագողերու հասուցած վնասէն, պատմական քաղաքի տարբեր յատուածներն կ’օգտագործուին որպէս անասնագոմ։
Հին քաղաքի պատմութիւնը կը սկսուի մ.թ.ա. 800 թուականէն: Արարատեան թագաւորութիւնէն մնացած կառոյցները՝ ժայռափոր աշխատանքէն մինչեւ մետաղագործութիւն եւ արհեստագործութիւն, մեր նախնիներու թողած մեծ ու հարուստ ժառանգութիւնն են։ Վանի ամրոցը եւ այնտեղ գտնուող կառոյցները պետք է պաշտպանուած ըլլան։