Հայ Առաքելական եկեղեցին հունիս 29-ին կը նշէ սուրբ թարգմանիչներ Սահակի եւ Մեսրօպի յիշատակի օրը։ 

Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետը Ներսէս Մեծ կաթողիկօսի որդին էր: Ըլլալ կրթուած եւ հմուտ`  երաժշտական, հռետորական արուեստներու, իմաստասիրութեան եւ լեզուագիտութեան մէջ, Սահակ Պարթեւը մեծ նպաստ է բերեր հայ ազգային մշակոյթի զարգացմանը, եղեր հայոց գրերու  ստեղծման ջատագովը, Մեսրօպ Մաշտոց վարդապետի հետ դարձեր հայ դպրութեան ու եկեղեցական մատէնագրութեան հիմնադիր:

Ս. Մեսրօպ Մաշտոցը ծնուեչ է 360 թուականին, մանուկ հասակէն սովրեր յունարէն եւ պարսկերէն: Սկզբում պաշտօնաւարեր է արքունիքին մէջ՝ որպէս արքունի դպիր: Սակայն ետք` թողնելով աշխարհիկ կեանքը, դարձեր է հոգեւորական՝ ապրելով խիստ ճգնութեամբ: Քարօզչութեան ընթացքին Ս. Մեսրօպը կը զգայ հայ տառերու եւ հայագիր Աստվածաշունչ ունենալու կարեւորութիւնը: Նա աշակէրտներու հետ կը մեկնէ Եդեսիա եւ Տիգրանակէրտ, աստուածային զօրութեամբ կը յղանայ  հայոց տառերը եւ Սամոսատին մէջ  Հռոփանօս անունով հոյն մը գրիչի հետ վերջնականապէս կը ձեւաւորուին ատոնք:

Տառերու գիւտէն ետք Ս. Սահակն ու Ս. Մեսրօպը կը սկսեն Աստուածաշունչին թարգմանութիւնը եւ այնպէս կատարեալ կերպով այն կը կատարէ, որ Աստուածաշունչին հայերէն թարգմանութիւնը դարեր ետք կը կոչուի «Աստվածաշունչի թարգմանութիւններու թագուհի»: