Վահագն Վարդեւանեանը ծնած է 1966 թուականի դեկտեմբեր 27-ին Երեւան։ 1985-1987 թուականներուն պարտադիր ժամկետային զինծառաիւթիւն է անցեր խորհրդային բանակը։ 1989 թուականին աւարտեր է պոլիտեխնիկական ինստիտուտը (այժմ` ԵՊՃՀ)։ 1989 թուականէն մասնակցեր է անընդհատ թեժացող պատերազմական գործողութիւնները։ 1993 թուականէն ՀՀ բանակի աւագ լէյտէնատ էր, ազատամարտիկներէն  կազմուած կամաւորական գրոհային ջոկատի հրամանատար։

1994 թուականի ապրիլ 21-ի գիշերը ան իր ջոկատի 38 անդամներու հետ կը դիրքաւորուի ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանի Կարմիրաւան գիւղի մատոյցները։ Ջոկատը կը յայտնուի շրջափակման վտանգին առաջ։ Վարդեւանեանը եւ իր ջոկատի եւս 13 ազատամարտիկներ կրակն իրենց վրա կը վերցնեն` միւսները տալով նահանջին հրաման։

Շրջափակման մէջ յայտնուած ջոկատի 13 ազատամարտիկներու զօհուելէն ետք ալ վիրաւոր հրամանատարը կը շարունակէ  միայնակ մարտ վարիլ մինչեւ փամփուշտներու վերջընալը։ Մերժելով գերի յանձնուելու հակառակորդի առաջարկը՝ իր քով եղած նռնակով պայթեցուցեր է զինքը եւ մոտեցող թշնամու 4 զինւորները։Թաղուած է Երեւանի Եռաբլուր զինւորական պանթէոնը։ Յետմահու պարգեւատրուեր է ՀՀ եւ Արցախի «Մարտական խաչ» 1-ին աստիճանի շքանշաններով, իսկ Արցախի նախագահ Արկադի Ղուկասեանի 2006 թուականի մայիս 8-ի հրամանագիրով «Արցախի պաշտպանութեան կազմակերպման գործին մէջ բացառիկ ծառաիւթիւններու, ցուցաբերած քաջութեան եւ անձական արիութեան համար» յետմահու արժանացեր է «Արցախի հերոս» Արցախի բարձրագոյն կոչումին եւ «Ոսկէ Արծիւ» շքանշանին։ Անոր անունն կը կրէ Երեւանի թիւ 173 դպրոցը, որտեղ տեղադրուած է անոր կիսանդրին, բացուած է փառքի սենեակ։