Մինչեւ 19-րդ դարը քիչարի միայն որոշակի տարիքի հասած տղամարդիկ կը պարեին: Իսկ երբ պարը կորցուց իր ծիսական նշանակութիւնը եւ սովորական դարձաւ, այն սկսան պարիլ նաեւ կանայք:
Հետաքրքրական է, որ 2018-ի նոյեմբեր 28-ին ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի գործակալութեան՝ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով հանձնաժողովն իր 13-րդ նստաշրջանը գրանցեր է «յալլի» պարը որպէս անյապաղ պաշտպանութեան կարիք ունեցող ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութիւն։ Այն գրանցուեր է յետեւեալ անուանումով՝ «Յալլի (քօչարի, թենզերէ), Նախիջեւանի աւանդական խումբային պարեր»։
Աս իրադարձութիւնը մեծ արձագանք ստացաւ Հայաստան։ «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կէդրրօնի» տնօրէն, հայագէտ Հայկազուն Ալւրցեանը, մասնաւորապէս, քննադատեց ներկա եւ նախկին մշակոյթի նախարարները, որ այդպիսի բան են թոյլ տուեր։