ԱՄՆ դեսպանատան դիմաց խումբ մը արցախցիներ ակցիա են անցկացուցեր․ անոնք Հայաստան ԱՄՆ դեսպան Քրիստինա Կվինի հետ հանդիպում կը պահանջեն՝ անոր վերջին յայտարարութեան առնչութեամբ։
«Արմենպրէս»-ի հետ զրոյցին ընթացքին «Յանուն Յադրութի» հասարակական կազմակերպութեան գործադիր մարմինի նախագահ, ակցիայի կազմակերպիչ Լեւոն Հայրեանը նշեց, որ Արցախը 200 օրէն աւել շրջափակման մէջ է եւ հեռանկար ալ չի երեւր, թէ երբ կապաշրջափակուի:
«Մեր նպատակն է նամակ փոխանցիլ ԱՄՆ դեսպանատունը եւ հանդիպում պահանջեր դեսպանի հետ, որովյետեւ անոր վերջին հարցազրոյցը մեզի քով հարցեր է առաջացուցեր։ Մասնաւորապէս, Արցախը Բաքուի կազմին մէջ թողնելու հարցը։
Արցախն Բաքուի կազմ մտցրել է բռնապետ Ստալինը։ Կը ստացուի ԱՄՆ-ն, որը համաշխարհային ժողովրդավարութեան առաջնորդն ու դրոշակակիրն է, մարդու իրաւունքներու մեծագոյն պաշտպանը եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի ջատագովը, մի կողմ կը թողնէ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը եւ կերթա բռնապետ Ստալինի յետեւէն եւ կը պաշտպանէ անոր որոշո՞ւմը։
Աս հարցերու պատասխանը կուզենայինք ԱՄՆ դեսպանին հետ յանդիպումին լսիլ»,- ըսաւ Հայրեանը ԱՄՆ դեսպանատան ներկայացուցիչին հետ յանդիպումին ատեն։
Հայրեանը նշեց, որ Արցախի որոշ բնակավայրեր կը շարունակուին Բաքուի իշխանութիւններու կողմէն բռնազաւթուած մնալ, եւ բռնի տեղահանուած արցախցիները անորոշութեան մէջ են ու կցանկանային իմանալ ԱՄՆ-ին մոտեցումը բռնի տեղահանուած արցախցիներու ապագային վերաբերեալ։
Արեւմտեան Հայաստանի կառաւարութիւնը կը պաշտպանէ Արցախի բնակիչներու դիմումը:
Մենք նոյնիսկ պատասխաներ ենք Արեւելեան Հայաստանի նախկին եւ ներկա նախարարներու ելոյթները: Այժմ յիշեցումին կարգով ըսենք, որ Արցախը, բացի այն, որ Նուբար Փաշայի վերաստեղծած Հայաստան պետութեան մասն է, այն նաեւ միջազգային բոլոր օրենքներուն համապատասխան ինքնորոշուեր է: Արցախն իբրեւ լիիրաւ կողմ ստորագրեր է Արցախեան առաջին պատերազմի Զինադադարի պայմանագիրը Արեւելեան Հայաստանի եւ Բաքուի հետ միասին 1994 թուականի մայիս 12-ին՝ ունենալով 12,5 հազար քառակուսի կմ տարածք: Մեզի համար անհասկընալի են բոլոր այն բողոքներն ու դիմումները, որտեղ Արցախցիները կը ցանկընան ապացուցիլ ակնյայտ ճշմարտութիւնը՝ փոխանակ դատական կարգով հարցերը լուծելու, ինչպէս Շուշիի տեղահանուածները, որոնց գործով ԱՀՀ-ն արդեն դատական գործ է յարուցեր ՄԻԵԴ: