ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի հնագիտական արշաւախումբը սկսեր է պեղումները ՀՀ Կօտայքի մարզի Յատիս լեռան վրայ նոր յայտնաբերուած ամրոցի տարածքը, կը յայտնին Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, սպորտի նախարարութենէ։ Ամրօցը (Շամիրամի բերդ, Յատիսի ամրոց) կը գտնուի Յատիսի կօնաձեւ գագաթը։ Պատերու լայնութիւնը կը տատանուի 2-4,5մ, բարձրութիւնը՝ 1-3մ միջեւ։ Կառուցուած է բազալտի խոշոր եւ միջին չափերու անմշակ քարերով: Արեւելեան պարսպապատին մէջ պահպանուեր է 3 մ լայնութեամբ մուտքը։ Պարսպաշարի առաւել պահպանուած յատուածը՝ մօտ 3մ, ունէ աւելի քան 10 շարք բարձրութիւն։
Արշաւախումբի կազմը ընդգրկուած են հայ եւ իտալացի 6 հնագէտներ։
Այս պահին ձեռք բերուած տւեալները թոյլ կուն տան հնավայրը թուագրիլ բրոնզ- երկաթեդարեան, անտիկ եւ միջնադարեան ժամանակաշրջաններով։ Յայտնաբերուած հնագիտական գտածոներու մէջ կարելի է առանձնացնիլ տարբեր ժամանակաշրջաններու խեցանոթներու օրինակներ, բրոնզէդարեան նետասլաքներու օրինակներ օբսիդիանէ, երկաթէ նիզակի ծայր, տարբեր քարերէ, երկաթէ եւ բրոնզէ պերճանքի առարկաներ, գլանաձեւ կնիք (հաւանաբար մ․թ․ա 5-րդ դար) եւ Ալեքսանդր Մեծի պատկերով արծաթեա դրամը։
Պեղումներու աւարտը կը նախատեսուի օգոստօսին վերջը։