Մեր կլիմայական պայմանները կը նպաստեն ծիրանէնու լաւ աճը, եւ զարմանալի չէ, որ լատիներէնին մէջ ծիրանէնու պտուղը՝ ծիրանը, կը կոչուի «Prunus armeniaca»` «հայկական սալոր»: 

Ծիրանը հայկական հողի ամենահին ու ամենաքաղցրահամ միրգն է։ Մեր թուարկութենէ առաջ՝ 69թ. գարունը Հայաստան ներխուժած հռոմեացիները հիացմունքով կը ճաշակեին  ատ յուրայատուկ ծառի արտակարգ համեղ պտուղները։

Ալեքսանդր Մակէդոնացու, յետագային նաեւ հռոմեացի զորաւար Լուկուլլոսի յանձնարարութեամբ զինւորները Հայաստանէն ծիրանէնու՝ որպէս խիստ արժեքաւոր ծառատեսակի տնկիներ տեղափոխեցան իրենց երկիրներ, որտեղ ատոր պտուղը ստացաւ «Հայկական միրգ» անունը։

Փաստացի շուրջ 2 հազար տարի առաջ Եվրոպա գաղափար չունեին ծիրանի մասին։ Ծիրանէնին եվրոպական երկիրներ թափանցեց Հայաստանին սարահարթէն Յունաստան եւ Հռոմ տարուած տնկիներուն յիմքին վրայ։

Հայաստան ծիրանէնու կուլտուրայի մշակումն ունի վաղնջական պատմութիւն։

Հայ բնագէտ Բաբկէն Առաքելեանի գլխաւորութեամբ Գառնիի պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուեր են աւելի քան 6 հազար տարուա հնութեան ծիրանի կորիզներ։

Ասօրական, յունական, հայկական սեպագիր արձանագրութիւնները, հայ մատենագիրներու աշխատութիւնները կը վկայեն, որ սկսած նեոլիթէն, հազարամյակներ շարունակ Արարատեան դաշտը, պատմական Արագածոտն, Սիւնիք, Վայոց ձոր ու այլ գաւառները պտղատու ծառատեսակներու մեծ մասը (40-50%) եղեր են ծիրանէնիները՝ «ծիրանուտները»։

Այսօր, Արագած լեռան յարաւային լանջերը, Ամբերդ գետին ձորը դեռ կը պահպանուեն հայկական ծիրանէնիներու նախնիները՝ ատոնց վայրի ձեւերը։

1970-86թթ. բուսաբանները դիմեր էին ասանկ մը գիտափորձի։ Առեր էին սովորական ծիրանէնու՝ հայկական, միջինասիական եւ եվրոպական վայրի խումբերու ներկայացուցիչներ ու կատարիլ խաչասերումներ։

Կատարուած գիտափորձերու արդիւնքը ամէնէն բարձր յատկանիշներ դրսեւորեր էին հայկական ծիրանէնիները, ինչը ապացոյց է այն բանի, որ ատոնք ծագեր են աւելի յեռաւոր ժամանակները եւ անցեր զարգացման աւելի երկար ճանապարհ։

Վերլուծելով եւ արժեւորելով հնագիտական եւ պատմական գրականութեան տւեալները, ծիրանէնիներու գիծով կատարուած գիտափորձերու արդիւնքները, բուսաբաններէն շատերը յանգեր են այն եզրակացութեան, որ Հայաստանը ծիրանէնու հնագոյն օջախներէն մեկն է, կամ ալ իսկական հայրենիքը։