Ուրարտական թագաւոր Ռուսա 2-րդի կողմէն ստեղծուած եւ աշխարհի հնագոյն արհեստական լճակներէն մէկի՝ 2 հազար 545 մետր բարձրութեան վրայ գտնուող Քէշիշ լճի զգալի մասը չորացեր է վերջին տարիները սաստիկ շոգ եղանակի եւ երաշտի պատճառաւ։
Քէշիշ լիճը կը գտնուի Վանէն 30 կիլոմետր յեռաւորութեան վրայ՝ Գիւրփընար գաւառի սահմանները գտնուող Կուխ, Կօզան եւ Էրեկ լեռներու միջեւ ընկած յովիտը։
4 քառակուսի կիլոմետր մակերես զբաղեցնող Լիճն ու իր շրջակայքը լեռնային զբոսաշրջութեան անփոխարինելի վայրերէն են։