Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Կարէն Մաթեւօսեանը, որը տնօրէնի պաշտօնը զբաղեցնելու յայտ է ներկայացուցեր, շատ կը կարեւորէ  կառոյցին ձեռագիրներու պահպանութեանը, վերականգնումին, թւայնացումին, գիտական յետազոտությիրններուն վերաբերող հարցերը: Անոր  յամոզմամբ՝ Մատենադարանը պետք է պահպանի գիտայետազոտական ինստիտուտի կարգավիճակն ու բնոյթը: 

«Արմենպրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին Կարէն Մաթեւօսեանը կը նշէ՝ իր ներկայացուցած ծրագիրին մէջ անդրադարձեր է Մատենադարանի առաջիկա գործունեութեան հիմնական ուղղութիւններուն, որոնք կը վերաբերին անվտանգութեան խնդիրին, գիտական յետազոտութիւններուն, գիտահանրամատչելի հրատարակութիւններուն, Մատենադարանի մատենաշարերու շարունակականութեանը, որոնք պետք է լոյս տեսնին առաջիկային, ինչպէս օրինակ՝ «Մայր ցուցակ ձեռագրաց»-ը, «Մատենագիրք հայոց»-ը:

Նա կը կարեւորէ նաեւ  16-րդ դարու ձեռագիրներու յիշատակարաններու հրատարակումն ու կը յիշեցնէ, որ Մատենադարանը նիւթեր կը տրամադրէ տարբեր ոլորտներու ուսումնասիրողները՝ պատմաբանները, լեզուաբանները եւ այլոց, իսկ 16-րդ դարի մեր պատմութեանը վերաբերող սկզբնաղբիւրները շատ չեն: «Աս դարաշրջանի վերաբերեալ պատմիչներու գործեր չունինք, յետեւաբար յիշատակարանները չափազանց կարեւոր աղբիւրներ են պատմութեան համար եւ ատոնց շուտափոյթ հրատարակութիւնը շատ նշանակալի է»,-կը շեշտէ տնօրէնի թեկնածուն ու կը յաւելէ. «Մատենագիրք հայոց» շարքով յրատարկուելու են 12-րդ դարի ժամանակագիրներ Մատթեօս Ուռհայեցու, Սամուէլ Անեցու, Մխիթար Անեցու գործերը»։