Իրաւունքի եւ արդարութեան «Թաթոեան» հիմնադրամը Քերքոնեան Դաջանի ընկերութեան հետ համագործակցութեամբ Վաշինգտոն խումբային յայց են ներկայացուցեր Մոհամադ Ռեզա Վազիրիի` Անգլո-Ասիական հանքարդիւնահանման ընկերութեան գործադիր տնօրէնի դէմ` կապուած Բաքուի կողմէն Արցախի շարունակուող շրջափակման հետ: Յայցն այն մասին է, որ պատասխանող Վազիրը օգներ եւ նպաստեր է խոշտանգումներու զօհերու պաշտպանութեան ակտի խախտմանը, ինչպէս նաեւ օգներ եւ նպաստեր է Արցախի հայերու կեղծ բանտարկութիւնը` նպատակ ունենալով մուտք գործիլ եւ ապահովիլ Արցախի թանկարժէք մետաղներու հանքարդիւնահանումը: Գործը կը կոչուի Լալաբեկեանն ընդդէմ Վազիրիի եւ կը վերաբերէ մօտ 120,000 մարդկանց, որոնք արդեն 7 ամիս է ինչ կենթարկուին շարունակական տառապանքի` Բաքուի կողմէն ենթարկվելով ֆիզիկական մեկուսացման եւ շրջափակման: Փաստաբաններ՝ Արման Թաթոեան, Գառնիկ Քերքոնեան, Էլիզաբէթ Ալ-Դաջանի, Անի Նազարեան, Լաուրա Սեֆերեան, Կարօ Ղազարեան: Գործի ընթացքին կրնաք ծանօթնալ այս յղումով` https://tatoyanfoundation.org/?lang=en
Իրաւունքի եւ արդարութեան կէդրօն «Թաթոեան» հիմնադրամ