Վանի Ադամակերտ գաւառի Սուրբ Բարդուղիմէոս հայկական վանքը 1990-ական թթ․ մինչեւ 2013 թ․ օգտագործուեր է որպէս ոստիկանական բաժանմունք։ Գանձագողերու կողմէն աւերուած վանքը ներկա պահին կօգտագործուի  որպես գոմ եւ յարդանոց։ Չվերականգնուած, անուշադրութեան պատճառաւ աւերուած պատմական վանքն անյետացման վտանգին տակ է։  Ալբայրաք գիւղւ գտնուող Սուրբ Բարդուղիմէոսի վանքը յիմնադրուեր է չորրորդ դարուն։ Յաւատալիք կայ, որ Նոր Կտակարան յիշատակուած Քրիստոսի 12 աշակերտներէն մէկը՝ Սուրբ Բարդուղիմէոսը աս վանք  է թաղուեր։

Վանքը մինչ Առաջին համաշխարհային պատերազմը օգտագործուեր է շրջան բնակուող հայերու կողմէն։ Սակայն 1915 թ․ Հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանությենէ ետք վանքի միաբանութիւնը բռնի աքսորուեր է շրջանէն, եւ վանքը թողնուեր է բախտի քմահաճոյքին։ Հայ համայնքի համար շատ կարեւոր այս վանքն այսօր ոչնչացման եզրին վրայ է։ Ալբայրաք գիւղի բնակիչները պատմեր են, որ շրջակա գիւղերու անասունները ժամանակ առ ժամանակ կը մտնին վանք, կարածին ու կը վնասեն այնտեղի կառոյցները։ Գիւղացիներն իրենց անհանգստութիւնն են արտայայտեր ստեղծուած իրավիճակի կապակցութեամբ եւ պահանջեր, որ վանքը յնարաւորինս շուտ պահպանութեան տակ առնուի։

Վան բնակուող յետազոտող հնագէետ Ռըդւան Յիղիթն կընդգծէ, որ տարածաշրջանի պատմական շինութիւններու մեծ մասն աւերուեր է կառավարութեան կողմէ բաւարար աջակցութեան բացակայութեան պատճառաւ։  Անոր խօսքով՝ թուրքական պետութիւնը վերականգնողական աշխատանքներու համար բյուջէ չի յատկացնէ եւ պատմամշակութային շինութիւններն այս կերպ օրեցօր կոչնչանան։