«Արմենպրես»-ի տեղեկացմամբ՝ Յարաւային Կօւկաս Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գործունեութեան մասին ՀՀ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպանութիւնը յայտարարութիւն է տարածեր:
«Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն տարիներ շարունակ չափազանց կարեւոր աշխատանք է իրականացուցեր Յարաւային Կօւկաս՝ ներառեալ Բերձորի ճանապարհը, որտեղ անոնց գործունեութիւնն կաջակցէ տեղացի բնակչութեանը՝ ունենալ հասանելիութիւն առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքները եւ ծառաիւթիւնները՝ ներառեալ կեանք փրկող դեղամիջոցներն ու առողջապահական ծառաիւթիւնները։
Միացեալ Թագավորութեան կառավարութիւնը հաստատակամօրէն կը սատարէ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գործունեութիւնը եւ շարունակական աշխատանքը։ Միացեալ Թագաւորութիւնը կոչ կընէ բոլոր կողմերը՝ զերծ մնալ մարդասիրական աջակցութեան քաղաքականացումէն»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Արեւմտեան Հայաստանի կառաւարութիւնը կողջունէ Արեւելեան Հայաստան Միացեալ Թագաւորութեան դեսպանատան տարածած յայտարարութիւնը:Այս յայտարարութեամբ միջազգային կառոյցները մէկ անգամ եւս կը շեշտեն Բաքուի իշխանութիւններու հայածեաց եւ միջազգային բոլոր յնարաւոր նորմերն արհամարող քաղաքականութիւնը: Կարմիր խաչի ինքնաշարժները նոյնիսկ պատերազմական գոտի կիրականացնին մարդասիրական գործունեութիւն:Մենք բազմիցս դատապարտեր ու կը դատապարտենք Բաքուի հայասպան քաղաքականութիւնն ու կը յիշեցունք, որ ոչինչ անպատասխան չի մնայ եւ յատուցումին ժամը սարերու ետեւը չէ: ՄԻԵԴ-ն արդեն վարոյթ է ընդուներ Շուշիէն բռնի տեղահանուածներու բողոք- դիմումները, որով անոնք լիազորեր են Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը ներկայացնիլ ու պաշտպանիլ իրենց շահերը ՄԻԵԴ: