Մերձաւոր Արեւելք մեկդարե գեղարուեստական էվոլյուցիաէն ետք Երուսաղեմի հայերու նշանաւոր կերամիկական արուեստը շուտով կարող է առաջին անգամ արտադրուիլ Հայաստան։
Թուրքական կոտորածները վերապրած հայերը 1922 թուականին Երուսաղեմ հիմնեցան երկու առանձին արհեստանոցներ, որոնք մասնագիտացած էին սալիկներու եւ խեցեգործութեան մէջ: Անոնք աստիճանաբար զարգացուցին իրենց ինքնուրոյն գեղարուեստական ոճը՝ զերծ այն սահմանափակումներէն, որոնց կը բախուեին Օսմանեան տիրապետութեան ներքոյ: Հայ արուեստագէտներու հռչակը տարածուեցաւ Երուսաղեմի սահմաններէն դուրս: Այսօր այդ արհեստանոցներու իւրօրինակ գործերը որպէս նուեր կը մատուցուին թագաւորական ընտանիքները, բարձրաստիճան պատւիրակութիւնները ու նախագահները, ինչպէս նաեւ կարտահանուին աշխարհով մէկ: 1992 թուականին Վաշինգտոնի Սմիթսօնեան թանգարանը նաեւ յատուկ, մեկամսեա ցուցադրութիւն էր կազմակերպեր՝ «Հայկական կերամիկա Երուսաղեմէն»։ Աշխարհահռչակ քանի մը այլ թանգարաններ, այդ թուին՝ բրիտանական Վիկտորիա եւ Ալբերտ թանգարանը նոյնպէս ունին Երուսաղեմին հայկական խեցեղէնի օրինակներ։
«Արուեստի այս տեսակը դարձեր է Երուսաղեմի խորհրդանիշը», – «Ազատ Եվրոպա/Ազատութիւն» ռադիոկայանին ասաց Սետրագ Բալեանը՝ ընտանիքը պատկանող “Balian Armenian Ceramics of Jerusalem” գործարանը, որը հիմներ է անոր մեծ պապը Հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութենէ ետք։ Բալեաններու գործարանը Երուսաղեմ անընդմեջ գործող ամէնահին ձեռնարկութիւններէն է: Երուսաղեմ պատրաստուած կապոյտ եւ սպիտակ սալիկները, որպէս կանոն, շատ յաճախ կը զարդրեն Կալիֆորնիոյ ճոխ լողաւազանները:
Այժմ Բալեաններու ընտանիքը կը պատրաստուի դառնալ երուսաղեմահայ խեցեղէնագործներէն առաջինը, որ «կվերադառնա» Հայաստան։ Բալեանը կը յրաժարուի կոնկրետ ժամկետներ նշելէն, սակայն կըսէ, որ ընտանիքը «գործարան, թանգարան եւ սրճարան բոլորը մէկին մէջ» պլանաւորելու փուլին է։