Հրաշք ներկանիւթ տուող որդերու մասին առաջին յիշատակութիւնները կը պատկանեն դեռեւս Մօւսէս Խորենացու եւ  Ղազար Փարպեցու ժամանակներուն:  Միջնադարեան պատմիչները իրենց աշխատութիւններու մէջ տուեր են որդան կարմիրին նկարագրութիւնը: Ղազար Փարպեցին իր պատմութեան մէջ կը նկարագրէ այսպէս «Նաև զարմատս եղեգնասեր բուսոցն ոչ ընդունայն սնուցանէ յինքեան ամենաբաղձ դաշտն Այրարատոյ, այլ և ի նմանէ ծնեալ որդունս, ի զարդ կարմրատեսիլ գունոց, ընծայէ ոգտասիրացն շահս և շքեղութիւնս»։

Բացի հայ յեղինակներէն, պահպանուեր են նաեւ օտար պատմագիրներու վկաիւթիւնները:  Արաբ պատմագիրները կարմրաորդի մասին գրեր են․ «Հայերն ունին  շատ տարօրինակ միջատ մը, որը ոչ մի տեղ չկա՝ բացի Հայաստանէն: Աս կարմիր միջատ մ՛ըն է, որն  կապրի  հողին մէջ եւ կը յայտնուի է տարուան մէջ միայն տասը օր` վաղ առաւոտուն, որու ընթացքին պետք է հասցնիլ հավաքիլ»: 

Հռոմեացի պատմիչները նոյնպէս կը տեղեկացնին, որ 275 թւին պարսից շահը Արեղիանօս կայսրին ծիրանագոյն բանվածք մը  կուղարկէ որպէս ընծա, որու սքանչատեսիլ գոյնն այնքան կը զարմացնէ ամէն բան տեսած կայսրը, որ անպայման կ՛ուզէ իմանալ ատոր հայրենիքը, եւ  անոր կը տեղեկացնին, որ նման բան միայն Հայաստան կայ:

Յաճախ հեռաւոր երկիրներ «Հայոց աշխարհի»-ի փոխարէն կօգտագործէին «Որդան կարմիրին երկիր» արտայայտութիւնը:  Որդան կարմիրին արտադրութիւնը եղեր է Հայ թագաւորներու մէնաշնորհը:  Քաղաքամայր Արտաշատ կային յատուկ ներկարաններ, որոնց կը կոչեին արքայական։ Արաբները Արտաշատ քաղաքը կոչեր են որդան կարմիրին քաղաք։