
2023 թ, հուլիս 16-ին՝ կիրակի օրը ՄԱԿ-ի Ժնեւի բնիկ ժողովուրդներու փորձագիտական մեխանիզմին նւիրուած նստաշրջանի ատեն, որը միջկառավարական մեխանիզմ է, իբրեւ նախաբան ՝ Արեւմտեան Հայաստանի ազգային խորհուրդի նախագահ պրն. Արմենակ Ապրահամեանը եւ տիկին Լիդիա Մարկօսեանը քանի մը ելոյթներ ունեցան:
Աս միջոցառումները փորձագիտական մեխանիզմի օրակարգի մաս մըն են, որոնք կանդրադառնան տարբեր հարցերու, ինչպիսիք են զինումին մարտականցումին ազդեցութիւնը բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքների վրայ, « Բնիկ լեզուներ»-ի հանձնաժողովի տասնամեակի շրջանակները ՄԱԿ-ին մէջ բնիկ ժողովուրդներու մասնակցութեան ընդլայնման գործողութիւններու գլոբալ պլանը:
Բնիկ ժողովուրդներու լեզուներու վերաբերեալ պարոն Արմենակ Աբրահամեանը նշեց յետեւեալը.
“Ես կուզեի աւելի լավ հասկընալ, թէ ինչպէս կաշխտին բնիկ լեզուները. մեր լեզուն արեւմտահայերէնն է ։ Որպէս այդպիսին, մենք կցանկանայինք ներկայացնիլ մեր լեզուն եւ բացատրիլ անդամ պետութիւնները եւ բնիկները, թէ ինչպէս կաշխտի այն: Մենք, օրինակ, թարգմաներ ենք «Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին » հռչակագիրը արեւմտահայերէն: Կրնա՞նք այն ներկայացնիլ փորձագետները՝ մեզի հուզող հարցերու պատասխանները ստանալու համար »: