Հայկական որդան կարմիրը լայն տարածում գտաւ Ⅵ-Ⅸ դարերու արաբական արշաւանքներու ժամանակ: Աչքն ու ճաշակը շոյելու եւ բուժիչ յատկութիւններու համար անուանուեցաւ «արեւելքի հրաշք»: Կարմիր ներկանիւթը կօգտագործուէր թագաւորական եւ կաթողիկօսական կնիքներու համար։ Ատորով կը ներկեին արքայական զգեստները։ Այն կօգտագործեին երիտասարդացնող ու մաշկի գեղեցկութիւնը պահպանող իւղեր պատրաստելու համար։ Կան պահպանուած յիշատակութիւններ, որոնք կը վկային, որ որդան կարմիրը օգտագործեր են նաեւ դեմքը կարմրութիւն յաղորդելու համար։

Այս ներկանիւթը նաեւ լայն կիրառութիւն ուներ բժշկութեան մէջ։ Այն օգտագործեր են որպէս ջերմիջեցնող, յականեխիչ, յակաբորբոքիչ։ ⅩⅤ դար հայ մեծ բժիշկ Ամիրդովլաթ Ամասիացին իր աշխատութիւններէն մէկին մէջ յետաքրքիր տեղեկութիւն կը յաղորդէ աս ներկի առանձնայատկութիւններու մասին։

Ներկը կօգտագործուեր մանրանկարչութեան, որմնանկարչութեան, գորգագործութեան մէջ։ Ալթայի երկրամասէն յայտնաբերուած, 4500 տարեկան համարուող Պազիրիկի գորգը, որն ամբողջական պահպանուած ամէնահին գորգն է աշխարհիբ վրայ, նոյնպէս գեղազարդուած է որդան կարմիրով:

 Այժմ ալ հայկական եկեղեցիներու պատերը կարելի է տեսնիլ որմանակարներու մէջ օգտագործուած որդան կարմիրին յետքերը, որոնք այդպէս ալ չեն խամրեր։ Ատոնց լաւագոյն օրինակներէն են Ախթալայի եւ Քաբայրի վանական համալիրներ պահպանուած մանրանկարները։