ⅫⅠ դարուն, երբ Հայաստանը կորցուց պետականութիւնը, որդան կարմիրին արտադրութիւնը անկում ապրեց։ Շուտով, ⅩⅥ-ⅩⅦ դարերը, համաշխարհային շուկա յայտնուեցաւ մեքսիկական կարմրաորդը։ Մեքսիկական որդի չափսերը հայկական որդան կարմիրէն աւելի փոքր էին, սակայն ատոնք սերունդ կու տային  տարեկան հինգ անգամ, ի տարբերութիւն հայկականի, որը սերունդ կու տար տարեկան միայն մէկ անգամ։ Հէնց ատ էր պատճառը, որ հայկական կարմրաորդը շուկայէն սկսաւ  դուրս մղուիլ  իր տեղը զիջելով մեքսիկականը։

ⅩⅨ դարուն յայտնաբերեցին արհեստական գունանիւթերը։ Ատոնց արտադրութիւնը եւ աւելի հեշտ էր, եւ էժան։Կը թուեր, թէ այն ամբողջութեամբ կրնայ փոխարինիլ բնական ներկանիւթը։ Մինչ աշխարհը տարուած էր նոր՝ արհեստական ներկանիւթով, որդան կարմիր պատրաստման բաղադրութիւնը մօռացութեանկը մատնուի։

Յետագային ժամանակը ցոյց կու տայ, որ արհեստական ներկերը չեն կրնայ փոխարինիլ բնականը։ Ատոնք իրենց գոյնի պայծառութիւնը շուտ կը կորցնեին, նաեւ առողջութեան համար վտանգաւոր էին։ Որդան կարմիրը վստահօրէն եւ առանց վախենալու կօգտագործեին  սնունդին մէջ, ինչը չէր կարելի ըսիլ արհեստական ներկանիւթերու մասին։

Կը սկսուին որդան կարմիրիմ ուսումնասիրութեան աշխատանքները։ 1830 թուականին այդ նպատակով Հայաստան գործուղուեցաւ Պետերբուրգի գիտութիւններու ակադեմիոյ ակադեմիկօս, յայտնի տեխնոլոգ եւ մեխանիկ Իոսիֆ Գամէլը: Անոր յետազոտութիւններու արդիւնքին յիմնաւոր աշխատութիւն յրատարկուեցաւ ռուսերէն եւ գերմաներէն լեզուներով:

XIX դարի սկիզբը որդան կարմիրին բաղադրութիւնը վերականգնելու փորձեր ըրաւ Էջմիածինի Մայր տաճարի վարդապետ Իսահակ Տեր-Գրիգորեանը (1780-1858)` շարունակելով միջնադարու մանրանկարիչ Սահակ Ծաղկարարի ավանդոյթները:

XX դարի 30-ականները խորհրդային կառաւարութիւնը նոյնպէս փորձեց որդան կարմիրին արտադրութիւն բացիլ: Սակայն ատ չյաջողուեցաւ կեանքի կոչիլ` պատերազմը խանգարեց: Արարատեան որդան կարմիրի ուսումնասիրումին նախագիծը կրկին կեանքի կոչուեցաւ 1971-ին, սակայն արդիւնաբերական մասշտաբների այն այնդպէս ալ չհասաւ:

Այս ամբողջ ընթացքին շատերն են փորձեր բացայայտիլ որդան կարմիր ներկանիւթի ստացման գաղտնիքները։ Իհարկէ, Մատենադարան պահպանուած ձեռագիրներու  մէջ բաւարար տեղեկութիւններ կան ատոր պատրաստումին վերաբերեալ։ Սակայն ատոնք մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւններու կարիք ունին։ Պետք է հասկընալ, թէ այս կամ այն տերմինը ինչ նշանակութիւն ունէ եւ  ժամանակային ինչ միաւորներ են կիրառուեր: