Վերջերս Դերսիմ կատարուած հնագիտական ​​յետազոտութիւնները ցոյց են տուեր, որ Փուլումուր գաւառը գտնուող եւ ժողովուրդի լեզուով «Հարսանեաց սրահներ» կոչուող մեծ շինութիւն-համալիրը իրմէ կը ներկայացնէ ժայռափոր դամբարաններ եւ պաշտամունքի բացօթեա  տարածքներ: Ինչպէս կը նշեն մասնագէտները, համալիրը կառուցուերլ է Երկաթի դարուն եւ տարածաշրջանը նման այլ օրինակ չունէ։

«Հարսանեաց սրահներ»-ը կառուցուած են Փուլումուր գաւառէն հիւսիս-յարաւ տարածուող վայրը գտնուող ժայռոտ բլրին՝ 150-200 մետր բարձրութեան վրայ։  Այս համալիրը յիմնական բաղակացած է չորս առանձին ժայռափոր դամբարաններէն, ժայռափոր սրահներէն, հարթակներէն, աստիճաններէն եւ թունելներէն։ Այստեղ կատարուեր են նաեւ տարբեր պաշտամունքային ծեսեր։