Որդան կարմիրին ոչնչացումին պատճառ կւ յանդիսանան աղուտներու ինտենսիւ իւրացումը։ Հողերը սեփականաշնորհելու եւ անասուններու անկանոն արածեցումը հանգեցուցեր են այս հրաշք որդերու թուաքանակի կրճատմանը։ Մարդէն զատ որդանի համար վնասատու են որոշ տիզեր, բզէզներ, մրջիւններ եւ թռչուններ: Որդան կարմիրին ներկի ստանալու տեխնոլոգիան այդպէս ալ գաղտնիք է մացեր, քանզի այն մեծ զգուշաւորութիւն կը պահանջէ։ Հիմա միայն մասնագէտները ու գիտակներն է յասանելի ներկի տեխնոլոգիան։
Հայաստան գտնուող 26 արգելավայրերէն մէկը հէնց Որդան կարմիր արգելավայրն է։ Այս ստեղծուեր է 1987 թուականին Արմավիրի մարզ։ Ընկած է Արգաւանդ, Արափազ եւ Ալաշկերտ գիւղերու միջեւ։ Արգելավայրի ստեղծումին նպատակը որդան կարմիրին պաշտպանութիւնը արդիւնաւետ կազմակերպելն է, քանի որ տարեցտարի անոր քանակը գնալով կը կրճատուի։ Եթե 20-րդ դարու սկիզբը անոնց տարածումին արեալը կը կազմէր 10000 հա, ապա 1990 թուականը այն կըդգրկէր ընդամէնը 2000 հա։ Այս արգելավայր պաշտպանութեան տակ են վերցուցած նաեւ որդան կարմիրին յիմանական կերաբոյսերը՝ որդանախոտը եւ եղէգը, առանց որոնք այն կդադարի գոյութիւն ունենալ։