ՀՀ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեանն անդրադարձեր է Արցախ ստեղծուած առողջապահական ճգնաժամը, որը յետեւանք է Բաքուի կողմէն Բերձորի ճանապարհի ամբողջական շրջափակումին։  

«Այս պահին  կան նաեւ բուժառուներ, որոնք Հայաստան տեղափոխուելու կարիք ունին: Առաւօտեան ալ խօսեր եմ, եւ այժմ յնարաւորինս մօտ ժամանակները կակընալենք տեղափոխում իրականցնիլ»,- կառաւարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց նախարարը:

Անդրադառնալով դեղորայքային պաշարները՝ նախարարը նշեց, որ   այս ատոն Արցախ բոլոր պլանային միջամտութիւնները կասեցուած են․ բոլոր դեղորայքային եւ բժշկակական նշանակութեան ապրանքները կօգտագործուին միայն անյետաձգելի ու սուր կարիքին պարագային:

«Դեղորայքային ռեսուրսներն Արցախ,  իհարկէ, անսպառ չեն․ այս  իրավիճակը իրմէ  կը ներկաըացնէ լուրջ առողջապահական ճգնաժամ, քանի որ այս պահը ամբողջ գործընթացը խաթարուած է, եւ Արցախ դեղորայքի նոր խմբաքանակ չի մտներ»,- ըսաւ Անահիտ Աւանէսեանը:

Նախարարը յաւելեց, որ միջազգային բոլոր գործընկերները թէ՛ կոչերով, թէ գրաւոր ձեւով կը փոխանցէ ստեղծուած իրաւիճակին վերաբերեալ տեղեկատւութիւնը: