Տիկին նախագահ,

1894-էն 1923 թուականներուն թուրքական յաջորդական կառաւարութիւններու կողմէն բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստան հայերու ցեղասպանութենէ ետք՝ 1922 թուականէ ի վեր Ցեղասպանութիւնը վերապրած բնիկ հայ փախստականները տեղաշարժուելու համար տրուեր է անձը հաստատող փաստաթուղթ` Նանսէնի Անձնագիր եւ ճամփորդական փաստաթուղթ, որը նախկին գոյութիւն չի ունեցեր :

Նանսէնի այս անձնագիրը Ազգերու լիգայի կողմէ 1922 թուականին ընդունուած ամէնահին անձնագիրներէն մէկն է, եւ ատ է նաեւ պատճառը, որ Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ հայերը յաշուի են առեր Նանսէնի այս անձնագիրի շարունակականութիւնը իրենց ինքնորոշումին իրաւունքի ուղղակի եւ գործնական կիրառումին մէջ մինչեւ 1917/1920 թուականները պետութիւններու կողմէ ճանաչուած անկախութիւն, որը կը համապատասխանէ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան կողմէ ընդունուած բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու հռչակագիրի 6-րդ յօդուածը:

Սակայն, ցեղասպանութիւնը վերապրած եւ  բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի հայերը կը դրսեւորեն իրենց իրաւունքներու իրացումին մեխանիզմներ գտնելու պատրաստակամութիւն  100 տարուա պայքարէն եւ տոկունութենէ ետք, որը մենք կը նշենք այս օրերը, երբ բնիկ ազգերն ու ժողովուրդները ստացան Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին հռչակագիրը, որը մինչ օրս պարտադիր չէ պետութիւններու համար։

Ուստի, ես կառաջարեմ, որ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը, համագործակցելով բնիկ կառաւարութիւններու եւ անոնց ժողովուրդներու հետ, ընդունիլ  բնիկ տարածքներու դեօկուպացիայի եւ ինքնորոշումին իրաւունքի վերաբերեալ իրաւական փաստաթուղթ, որը պարտադիր կդառնա անդամ պետութիւններու համար Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու Փորձագիտական ​​մեխանիզմին եւ ՄԱԿ-ին ուղղուած բազմաթիւ այլ բողոքներէն եւ վկաիւթիւններէն ետք:

Ուստի ժամանակն է բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին ՄԱԿ-ի հռչակագիրը վերածիլ կոնկրետ միջազգային իրաւական փաստաթուղթի:

Շնորհակալութիւն, տիկի՛ն Նախագահ։

Արմենակ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդի նախագահ

contact@western-armenia.eu