«Հրամանատարը իրաւունք չունէ զինւորի թիկունքւ մնա»,- կըսեր ՀՀ Ազգային հերոս Թաթուլ Ղազարեան։
Ազգային հերոսը ծնուեր է 1978 թուականին Իջեւան։ Սեւքարի դպրոցն աւարտելէն ետք ընդունուեր է Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմական վարժարան, այնույետեւ ուսումը շարունակեր է Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանը։ 2010-2012 թուականները սովրեր էր Ռուսաստանի Դաշնութեան Մօսկուայի ռազմական համազօրային ակադեմիան։
Հետագա տարիները ծառայեր է Հայաստանի զինուած ուժերու տարբեր զօրամասեր (Մեհրաբ, Վարդէնիս, Կողբ)։ 2018 թուականէ եղեր է Իջեւանի զօրամասի հրամանատար։ Բազմիցս արժանացեր է պետական պարգեւներու։ Թաթուլ Ղազարեանը հերոսաբար զօհուերլ է 2020 թուականի 44 օրեա պատերազմի ատեն, հոկտեմբեր 19-ին մարտադաշտէն իր վիրաւոր զինւորները դուրս բերելիս։ 2021 թուականի իւնվար 27-ին Արմեն Սարգսեանը «Համաձայն Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու եւ պատւաւոր կոչումներու մասին» օրենքի 5.3-րդ յօդուածի 1-ին եւ 9-րդ մասերու. Հայրենիքի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ապահովումին գործի ատեմ մատուցած բացառիկ ծառաիւթիւններու, մարտական գործողութիւններու ընթացքին ցուցաբերած անձնւիրութեան եւ արիութեան համար Թաթուլ Ղազարեանը յետմահու շնորհեր են Հայաստանի ազգային հերոսի կոչում եւ պարգեւատրեր Հայրենիքին շքանշանով։