Գեղարքունիքի մարզի  Մարտունի համայնքէն 38 երեխա են ուղեւորւեր Կոտայքի մարզի Հրազդանի Մեղրաձոր գիւղը գործող «Հասմիկ» մանկական ճամբար՝ 20-օրեա ամառային անւճար հանգիստի։ Ինչպէս «Արմենպրես»-ին տեղեկացուցին Մարտունու համայնքապետարանի աշխատակազմէ, ճամբարականներու խումբին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Արցախէ տեղահանուած եւ Մարտունի համայնք բնակուող ընտանիքներու չորս երեխաներ, որոնք իրենց ուսումը կը շարունակեն Մարտունու  հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւնները։ «Առաջին յերթափոխով, 2023 թուականի յուլիս 1-էն մինչեւ 20-ն ընկած ժամանակայատուածը, Մարտունիէն  մանկական հանգիստի ճամբար են մեկներ 37 երեխա, որոնց լրացուցիչ միացեր են եւս 6-ը։ Հանգիստի երկրորդ հերթափոխը կը սկսուի յուլիս 20-էն եւ կաւարտուի օգոստոս 10-ին։ Հանգիստի մեկնող երեխաներու ընտրութիւնը կատարուեր է բացառապէս սահմանուած կարգի համաձայն։ Երկրորդ հերթափոխով հանգստացող երեխաներու անվտանգ տեղաշարժն ապահովեր են ՀՀ ՆԳՆ պարեկային ծառաիւթեան աշխատակիցները՝ Գեղարքունիքի մարզպետի աշխատակազմի ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ»,-ներկայացուցին Մարտունու համայնքապետարանի աշխատակազմէ։