ԱՄՆ սենատոր, Սենատի միջազգայի յարաբերութիւններու գիծով կոմիտէի նախագահ Ռոբերտ Մենենդեսը ներկայացուցեր է օրենսդրական փոփոխութիւններու նախագիծեր՝ Բաքուն պատասխանատւութեան ենթարկելու Հայաստանի եւ Արցախի հայերու դէմ ագրեսիայի եւ  ենթադրեալ ռազմական յանցագործութիններու համար, ինչպէս նաեւ դադարեցնելու ռազմական տեխնիկայի արտահանումը Բաքու։ 

«Հայաստանի աեւելքի վրայ Բաքուի  հարձակումէն գրեթէ մէկ տարի եւ Ալիեւի ռեժիմի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայկական բնակչութեան շրջափակումէն  աւելի քանի 200 օր անց յստակ է, որ Բաքուն հարձակողական ուժերկը կիրառէ եշ  կը շարունակէ անպաշտպան հայ բնակչութեան շրջափակումը»,- ըսեր է Մենենդեսը։

«Ազատութեան աջակցութեան օրենքի 907-րդ բաժինի վերապահումին ամէնամեա կիրառումը կը խախտէ օրենքի ոգին։ Աւելին, յաշուի առնելով Ադրբեջանի ագրեսիւ  պահուածքը՝ յստակ է, որ վերապահումն օգտագործելու պայմանները չեն պահպանուի: Օրենքի նկատմամաբ այս ծաղրական վերաբերմունքը յաշուի առնելով՝ ճիշտ ժամանակն է ուժը կորցուցած ճանաչելու վերապահումը եւ  ճնշում գործադրելու Բաքուի վրայ՝ վերջ դնելու հայերու նկատմամբ ագրեսիւ գործողութիւնները: Ես կանգնած եմ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի կողքին, ովքեր սովի վտանգին առաջ են, եւ Հայաստանի ժողովուրդի կողքին, ովքեր կը շարունակեն վերականգնուիլ սեփական վնասներէն, որոնք կրեր են Բաքուի ներխուժումներէմ իրենց հայրենիք»,- յաւելեր է ան: 

«Առանց արդարութեան խաղաղութիւն ըլլալ չի կարող։ Այդ պատճառաւ  խորապէս համոզուած եմ, որ մենք պետք է շարունակինք յետաքննիլ բոլոր ենթադրեալ ռազմական յանցագործութիւնները աւելի, մենք պետք է ճնշում գործադրինք Ալիեւի ռեժիմի վրայ՝ կանխելու ապագա յանցագործութիւնները՝ այդ թուին նաեւ պատասխանատուներու նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելով»,- նշեր է նա։

https://news.am/arm/news/771860.html