
Հայաստան աշխարհի կարեւոր հարստութիւներէն մէկը հնագոյն ձեռագիրներու թանգարանն է՝ Մատենադարանը, որտեղ կը պահուին երկար դարերու ընթացքին ստեղծուած մագաղաթեա ձեռագիրները: Ատոնք գրուած են մագաղաթին վրա, որն կը ստանային ոչխարի կամ հորթի կաշիէն: Անոնք, ովքեր կը ստանային մագաղաթը, կը քերթեին այդ կենդանիները, այսինքն՝ քերթող էին: Հայերը քերթող են համարեր նաեւ գրողները, պատմիչները: Օրինակ՝ հինգերորդ դարի պատմիչ Մօւսէս Խորենացին կ՚անուանեն Քերթողահայր:
Երբեմն օտարականները կը զարմանային՝ տեսնելով, թէ ինչպէս հայերը կը ստանան մագաղաթը: Անգամ մը Դուին քաղաքի արքունական սպանդանոցի առջեւ օտարերկրացի վաճառական մը զրոյցի էր բռնուեր հայ իմաստասէրին հետ:
— Ինչո՞ւ մորթիլ կու տաք սա հինգ հարիւր ոչխարը, — կը յարցնէ այն:
— Մագաղաթի համար: Միսը կմնայ մարդկանց, իսկ կաշիէն մագաղաթ կպատրաստեն:
— Եւ այդքան մագաղաթէն քանի՞ մատեան կգրուի:
Իմաստունը կը պատասխանէ.
— Մէկ հատ խոշոր գիրք:
— Իսկ արժե՞ գիրք գրիլ սա հացապակաս տարուն, — կը զարմանայ վաճառականը, իսկ մտքին մէջ կը մտածէ. «Ի՛նչ անխելք մարդիկ են սա հայերը»:
— Մարդն կապրի ոչ միայն հացով, — կ՛ըսէ իմաստասերը, — հացի պակասէն մարդու մարմինն կը մեռնէ, իսկ գիրքի պակասէն՝ հոգին:
Ոգու սովը աւելի կործանարար է, քան հացի: Մագաղաթեա մատեաները հայերու հոգեւոր սնունդն ու հարստութիւն են: