Բաքուի իշխանութիւններու կողմէն Արցախ-Հայաստան սահմանագիծին գտնուող Հակարիի կամուրջը փակելու յետեւանքով Շուշիի շրջանի Եղցահող, Հին Շէն, Մեծ Շէն եւ Լիսագոր համայնքներու բնակիչները յայտնուեր են լիակատար շրջափակումին մէջ՝ կտրուելով թէ մայրաքաղաք Ստեփանակերտ, թէ Գորիս հասնելու յնարաւորութենէ։
Մինչեւ ապրիլ 23-ը՝ անցակետի տեղադրումը, գիւղացիները կրնային մայրաքաղաքէն կամ Գորիսէն իրենց համար անհրաժեշտ պարագաներ, սնունդ բերիլ, սակայն այժմ գիւղացիները կը գոյատեւեն Կարմիր խաչի կամ կառաւարութեան տուած օգնութեան միջոցով։ Մեծ Շէնի գիւղապետ Դաւիթ Դաւթեանի խօսքով՝ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի համեմատ գիւղերը իրավիճակը քիչ մը լավ է, քանի որ գիւղացիները կրնան օգտուիլ իրենց աճեցուցած միրգէն եւ բանջարեղէնէն, սակայն դեղորայքի եւ վառելիքի առումով իրավիճակը ճգնաժամային է։
Գիւղապետի խօսքով՝ գիւղը այլեւս մեքենաներ չեն օգտագործուի վառելիքի սղութեան պատճառաւ։ «Մարդիկ ոտքով կը յասնին իրենց յեռաւոր դաշտերը, այլ հեռաւոր այգիները ոտքով կերթան կհասնեն։ Խոտհարք չենք կրնար ընիլ, որովյետեւ վառլիք չունինք տեխնիկային համար, մեծ դաշտերը չորցեր են»,- նշեց Դաւթեանը։