Օսմանեան կայսրութեան մէջ ոչ թուրք ժողովուրդներու նկատմամբ դարեր շարունակ իրականացուած յալածանքի քաղաքականութիւնը չի շրջանցեր նաեւ լեզուական ոլորտը: Բնականաբար, այդ քաղաքականութեան գլխաւոր նպատակն էր ստիպեր կայսրութեան տարածքը բնակուող բոլոր ոչ թուրք ժողովուրդները չկիրառեր եւ մօռնալ իրենց մայրենի լեզուն, փոխարենը կիրառել թուրքերէն (օսմաներէն):  

Լեզուի հետ կապուած հասարակական-քաղաքական զարգացումները Օսմանեան կայսրութեան առաւել ակտիւացան XIX դարու սկիզբը, մասնաւորապէս` Թանզիմաթեան ռեֆորմները զուգայեռ, երբ փորձ արուեցաւ մտաւորականներու կողմէն պարզեցնիլ խրթին օսմաներէնը, սակայն այդ ջանքերը ունեին այլ թիրախ եւս` աւելցնիլ թուրքախօսութեան աշխարհագրութիւնը եւ մակարդակը: 1876 թ. ընդունուած օսմանեան սահմանադրութեամբ առաջին անգամ թուրքերէնը (օսմաներէն) տրուեցաւ պետական-պաշտօնական լեզուին  կարգավիճակ: 

Թուրքերէնի պարտադրումին մշակուած քայլերը ալ աւելի ցայտուն դրեւորուեցան XX դարու սկիզբը երիտթուրքական կառաւարումին տարիները եւ ոչ թուրք ժողովուրդներու լեզուներու դէմ պայքարը սկսեց ձեռք բերիլ պետականօրէն կազմակերպուած բնոյթ: Օրինակ` ըստ ակադեմիկոս Հրաչիկ Սիմոնեանի, Պոլիս քաղաքային իշխանութիւնները քաղաքի ֆրանսերէն ցուցանակները 1-2 օր փոխարինեցին թուրքերէնով, տարածուեցաւ «պետք է գրուի թուրքերէն» կոչ-հրահանգը: Պետական կառոյցները զուգայեռ մուսուլման հասարակութիւնը նոյնպէս ընդգրկուած էր ոչ թուրք ժողովուրդներու լեզուներու դէմ պայքարին, եւ  կ՚արձանագրուի այլալեզու ցուցանակներու կոտրում, այլախօսներու դէմ հրապարակային բռնութիւններ եւ այլն: Այս յալածանքները եւ սպառնալիքները տուեցան որոշ արդիւնքներ եւ ահաբեկուած առեւտրականները, արհեստաւորները, հիւրանոցատերերը եւ  այլն սկսան իրենց խանութներու, արհեստանոցներու, հիւրանոցներու հայերէն, հունարէն, ֆրանսերէն, իտալերէն գրութիւնները դարձնիլ թուրքերէն: 

Ինչպէս ազգայնամոլական քաղաքականութեան այլ բաղադրիչներ, այնպէս ալ ոչ թուրք ժողովուրդներու մայրենի լեզուներու դէմ պայքարը գրեթէ նոյն մեթոդներով շարունակուեցաւ նաեւ թուրքական իշխանութեան օրոք: Պետք է փաստիլ եւ  շեշտիլ, որ ըստ Լոզանի պայմանագիրի` Օկուպացուած Արեւմտեան Հայաստան բնակուող ոչ թուրք ժողովուրդներն ունեին իրենց մայրենի լեզուները կիրառելու, մայրենիով թերթեր հրատարակելու իրաւունք, որն ի թիւս այլ իրաւունքներու` բացայայտ ոտնահարուեցաւ: Յարկ է նկատիլ, որ թուրքական իշխանութեան  լեզուական հալածանքն արտացոլուեցաւ ոչ միայն հայերու  , այլեւ իսլամադաւան քուրդերու, չերքեզներու եւ այլ ժողովուրդներու յանդէպ եւս: