Վրաստանի հայ համայնքը դատապարտող յայտարաութիւն է տարածեր՝ անդրադառնալով Շուշի կազմակերպուած մեդիա ֆորումին Վրաստանի Հանրային հեռուստաալիքի գլխաւոր տնօրէն Թինաթին Բերձենիշվիլիի եւ նոյն հեռուստաալիքի հայալեզու բաժինի ղեկաւար Ռամիլա Ալիեւայի մասնակցութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, կ՚ասուի. «Մինչ Արցախի 120.000-անոց բնակչութիւնը, բացառապէս հայ ըլլալու պատճառաւ, Բաքուի բռնապետական ռեժիմի կողմէն կ՚ենթարկուի ցեղասպանութեան` արդեն գրեթէ 8 ամիս գտնուելով շրջափակման մէջ եւ զրկուած ըլլաով բուժօգնութեան եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ կարիքները հոգալու յնարաւորութենէ, քանի մը կիլոմետր այն կողմ Իլհամ Ալիեւն կ՚անգկըցնէ «Shusha Global Media Forum» կոչուած ծրագիրը: Այլեւս զարմանալի չէ Ի. Ալիեւի ցինիզմի մակարդակը` Բաքու լրագրողական կամ օրինակ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը նւիրուած ֆորումի անցկացումին մասով, վերջերս անգամ պարզուեցաւ, որ այդ երկիրին մէջ կան «բնապաշտպաններ»:
Սակայն մեզի համար տարակուսելի է, որ սովի մատնուող հայ երեխաներէն ընդամէնը քանի մը կիլոմետր յեռաւորութեան վրայ անոնց դահիճներու կողմէ կազմակերպուած այս միջոցառումը կը մասնակցին Վրաստանի Հանրային հեռուստաալիքի (որը կը ֆինանսաւորուի Վրաստանի քաղաքացիներու, այդ թուին` շուրջ 180.000 հայերու վճարած յարկերէն) գլխաւոր տնօրէն Թինաթին Բերձենիշվիլին եւ նոյն հեռուստաալիքի հայալեզու բաժինի ղեկաւար Ռամիլա Ալիեւան: Յաշուի առնելով, որ Վրաստանի իշխանութիւնները միշտ յանդէս են եկեր Հայաստանի եւ Բաքուի միջեւ չեզոք դիրքերէն` յաճախ փորձելով դառնալ միջնորդ տարածաշրջանում խաղաղութիւն հաստատման գործընթացին, նշուած պաշտօնատար անձանց մասնակցութիւնը Շուշի կայացած միջոցառմանը անհանգստութեան տեղիք կու տայ :
Մենք նախկինում եւս յայտարարեր էինք, որ Հանրային հեռուստաալիքի հայալեզու եւ ադրբեջանալեզու բաժինի ղեկաւարի պաշտօնին մէջ Ռ.Ալիեւայի պաշտօնաւարումը խոչընդոտելու է բաժինի օբյեկտիւ եւ անկողմնակալ գործունեւոթիւնը, սակայն հեռուստաալիքի ղեկաւարութեան կողմէն այդ ուղղութեամբ որեւէ գործուն քայլ չձեռնարկուեցաւ: Այս ամէնէն ետք զարմանալի չէ, որ Հանրային հեռուստաալիքը ընդհանրապէս չի անրադարձեր Հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը նւիրուած միջոցառումները եւ 8 ամսուա ընթացքին ընդհանրապէս չի լուսաբաներ Արցախի շրջափակման թեման»։