Լեզուի կամ առաւել կոնկրետ լեզուական ձուլումին խնդիրը ազգայնամոլական ուժերու օրակարգ էր թուրքական  պետութեան հիմնադրման արդեն առաջին տարիներէն: Այսպէս, 1925 թ. թուրքական թերթերու մէջ քարօզչական յայտարարութիւներ հը տպագրուեին, որտեղ ի շարս թուրքական ապրանք գնելու, թուրքական խանութներէն օգտուելու կոչերը` յստակ կը նշուէր. «Թուրքերէն չխոսողը մի’ պատասխաներ»: 1926 թ. յրաւիրուած «Թուրքական օջախներու» համաժողովին թուրքական պետութեան մէջ թուրքերէնէ զատ այլ լեզուներու կիրառումին հարցը սուր քննարկումներու առարկա էր, որտեղ կը հնչէին իրենց բնոյթով ռասիստական, ագրեսիւ ելոյթներ եւ  նաեւ կոնկրետ առաջարկներ: 

Յատկանշական է, որ թուրքական իշխանութիւնները այլ ազգերու եւ յատկապէս քրիստոնեա փոքրամասնութիւններու դէմ լեզուական յալածանքի արշաւին ակտիւորէն ընդգրկեցան ազգայնամոլ երիտասարդութիւնը: Ի դեպ, ազգայնամոլական բնոյթի քայլերու ու հալածանքներու իրագործման հարցին երիտասարդութեան օգտագործումը դառնալու էր աւանդական եւ վերածուելու էր թուրքական պետութեան ամէնայաճախ կիրառուած եւ  կիրառուող մեթոդներէմ մէկը: Ինչպէս կը նշէ Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու տարատեսակ խնդիրներու խորագիտակ մասնագէտ – Ռըֆաթ Բալին, 1928 թ. Իւնւար 13-ին Ստամբուլի համալսարանի իրավաբանութեան ֆակուլտետի ուսանողական խորհուրդի տարեկան համաժողովին քննարկուեր են թուրքերէնի տարածման եւ  երկրին մէջ թուրքախօսութեան մակարդակի բարձրացման հարցերը եւ ընդունուեր է «Հայրենակից, թուրքերէն խօսիր» կարգախօսը, որն ալ հէնց դառնալու էր տասնամեակներ տեւած յալածանքի քաղաքականութեան անուանումը: Այդ կարգախօսի հռչակումէն ետք սկիզբ է առեր այլամերժ ու այլատեաց բնոյթի գործողութիւններու  շղթա մը, որու թիրախը հայերն էին: 1928 թ. իւնվարը այն թաղամասերը որտեղ կը բնակուէին հայերը, հասարակական վայրերը, տրանսպորտին վրայ կը փակցուէին «Հայրենակից, թուրքերէն խօսիր» գրութիւնները, իսկ այնուհետ ազգայնամոլ երիտասարդներու խմբեր կը շրջէին թաղամասերը, տրանսպորտ, նավերը եւ թուրքերէն չխոսողները նկատողութիւն կ՛ընեին: Այդ միջոցառումը հիմնական կ՚անցկըցուեր Պոլիս, սակայն այլ քաղաքներ ալ որտեղ դեռ պահպանուեր էին ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ այն կը կիրառուէր. օրինակ Էդիրնե բնակող հրեաներու նկատմամբ, Իզմիր: