Տրապիզոն  հայ երեխաները տեղափոխեցան նաւ եւ  որպէս թափոն նետեցան ծովը։  Վան ու Տիգրանակերտ ծնողները ստիպուած էին մեծ փոսեր փորիլ եւ իրենց երեխաները կենդանի թաղել ատոնց մէջ… ջուրի հորերն արդեն լցուած էին դիակներով… գէտերը այլանդակուած դիեր կը տեղափոխեին։ .. Եւ հոս ես կանգ կառնիմ:.. կոկորդս կը սեղմուի  …Քաղաքակիրթ աշխարհը թող իմնայ, եթէ  տեղեակ չէ կամ սովորականին պէս մշուշը կը թափառէ, որ սա Թուրքիոյ կողմէն մեր՝  հայերնիս դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան նախաբանն էր։ 

  Վերոնշեալները միայն  Դանթեական ստեղծագործութեան նմուշներն են անոնց, ովքեր այսօր իրենց կը յայտարարեն որպէս երկիր ներխուժած եւ եվրոպացիները յաւասար ժողովուրդ՝ սերուած թաթարներէ եւ մոնղոլներէ, որոնք իրենց թուաքանակի եւ բնածին վայրագութեան շնորհիւ գրաուեր են օտար երկիրները, մորէխի պէս ոչնչացնելով բնիկները ՝ հաստատուելու համար անոնց տարածքին վրայ:

Բայց ինչն է տարօրինակ այս ամէնին մէջ: Եկեք շատ  չշեղուինք. Անգլո-սաքսոնները այսպէս կոչուած հնդիկներէն գողցան Հիւսիսային Ամերիկիոյ մեծ մասը եւ դարձուցին այն իրենց սեփականութիւնը՝ոչնչացնելով բնիկները: Անոնք, չունենալով էժան աշխատուժ,  իրենց տնտեսական շահերու ընդլայնումին եւ երկաթուղու կառուցումին  համար ներմուծեցին չինացիներ, ապա  սեւ ստրուկներ՝ պլանտացիաներու մասին հոգ տանելու համար։ Մայրցամաքի յարաւը իսպանացիներն ու պորտուգալացիներն էին, ովքեր ոչնչացուցին բնակչութիւնը եւ իւրացուցին  հողը՝ բնիկները յայտնի «Ջրերով շրջապատուած»:Յետք՝ աւելի ուշ, Նորին Մեծութեան ծովահենները, ովքեր երբեք չեն ձախողուի, գրաւեցան Մալւինեան կղզիները եւ  վերանուանեցան  ոչ պատշաճ անուններով։ Եւ ահա անոնք կը մնան իրենց հերոսուհու՝ «Անոր մեծ երկաթե տիկնոջ» շնորհիւ, որու երակները  շոտլանդական վիսկին է: Այսինքն՝ աշխարհը, ինչպէս միշտ, պատեհապաշտներու ու փարիսեցիներու ներխուժման վտանգին տակ է. այսօր, վաղը կամ միւս օրը, եւ փրկուեցեք, ով կրնա ։ Որոշ առաջադէմ ազգեր նախընտրեցին կուտակիլ իրենց գաղութներու հարստութիւնը եւ ժամանակին յետ քաշուիլ՝ թողնելով անոնղ թշուառութեան մէջ: Միւսները պարզապէս վռնդեր են՝ պարտութեան մատնելով։

Այս ամէնը մեզի ծանօթ է անոնցմէ, ովքեր արդեն ճանչըցան  մեզի որպես «էրմենի» ՝ իրենց իսկ վայրի վիճակէ ու լեզուէ ելնելով, իսկ հողը՝ «Էրմենիստան»՝ հայերու երկիր: Եւ հոս կուզիմ ընդգծիլ.

Եթէ մեր հողերու զաւթիչները   այն  ճանաչեր են որպէս հայ ժողովուրդը պատկանող, ապա աւելի քան ծիծաղելի է ժխտեր մեր հազարամեա գոյութիւնն այս հողը։ Ինչ-որ մէկն ըսաւ. «Դու կրնաս սպանիլ իմ մարմինս, բայց ոչ իմ կամքս…»:

Եւ ահա մենք յերթական անգամ կանգնուն ենք եւ  կը պահանջենք մերը ժողովուրդէ մը, որը ոչ միայն գողցաւ մեր ողջ հարստութիւնը, ոչնչացուց մեր պատմական մասունքներու  մեծ մասը, վերացուց մեր մտաւոր ներուժը, այլեւ փորձեց ջնջիլ մեր ինքնութիւնը:

Ժանիքները թաքուցած  այդ մարդիկ, ովքեր այսօր կը ժպտին Արևմուտքը ՝ տարիներ առաջ կոտորեցան մեր մեկուկես միլիոն եղբայրները։

Հազիւ հարիւր ութ տարի է անցեր, բայց մենք, լինելով ցեղասպանութիւնը վերապրածներու թոռները, որքան ալ տարօրինակ կը թուի,, մեր ականջներու մէջ կը լսինք  կենդանի թաղուած երեխաներու յուսահատ հառաչանքները, անոնց ճիչերը, ովքեր նետուեր են ջուրին մէջ՝ խեղդուելու։ Մենք կը լսենք  մայրերու դառնալի լացը եւ գոռոցը այն դահիճներու, ովքեր սպաներ են մեր հարազատները առանց խիղճի եւ ողորմութեան։

«Սրով եկողը սրէն կերթայ»։

Թուրքիոն հանգիստ չպետք է  քնի, քանի դեռ արթուն է հայը . Իսկ Աստուած մեծ  է. Անոնք կրնան ջնջիլ բոլոր յետքերը, որոնք կապացուցեն՝ մեր  հազարամեա Հայաստանի բացարձակ տեր ըլլալը, բայց չեն կրնայ ջնջիլ մեր նահատակներու թափուած արիւնը սեփական հողին վրայ, ոչ ալ մեր նախնիներու ոսկորներէ մաքրիլ երկիրը։

Թող Թուրքիոն հասկընա, որ մենք՝ Սփիւռքը, մեր նահատակներու յարութիւնն ենք, եւ  անոնք մեզի հետ հին յաշիւներ ունին ։

Ամէն ինչ կու գայ  իր ժամանակը, նոյնիսկ եթէ ատ նախատեսուած ձեւով չի եղեր։

Ռայմոնդ Ռուբէն Բերբերեան 

Արմատներով Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացի