Գեւորգ Հաճեանը ծնուեր է 1971 թուականին Լիբանանի Անջար  քաղաքը ։ Նախնական կրթութիւնը ստացեր է տեղի «Յառաջ» եւ «Գալուստ Գիւլբենկեան» վարժարաններ։ 1984 թուականին ընդունուեր  է Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկօսուեան «Զարեհեան» դպրեվանքը, որն աւարտեր է 1984 թուականին։ Յաճախեր է Լիբանանին «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեջը, ուսուցիչը եղեր է հայ խմբաւար, «Սեբաստացիներ» եւ ԵՊԿԵ գեղարուեստական ղեկաւար Յարութիւն Թոփիկեանը։ Որպէս մեներգիչ` յանդէս է եկեր Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկօսութեան «Շնորհալի», Համազգայինի «Կօմիտաս», «Պարոյր Սեւակ» եւ Տրիպոլիի «Ֆայհա» երգչախումբեր։ Եղեր է Անջար քաղաքի «Առաջ» երգչախումբի ղեկաւարը, մասնակցեր է 14 դպրոցներու միջեւ անցկըւցուող «Բարսեղ Կանաչեան» մրցոյթը եւ գրաւեր առաջին տեղը։

Գեւորգ Հաճեանը մէնահամերգներ է ունեցեր Հայաստան, Արցախ, Վիեննա, Կատար։

2020 թուականի աշունը մասնակցեր  է Արցախ տեղի ունեցող 44 օրեա պատերազմը ։ Կամաւորական 2-րդ գումարտակի հրամանատար Մհէր  Յարութիւնեանի եւ նոյն գումարտակի  ազատամարտիկ Քրիստափոր Արթինի հետ զոհուեր է ռազմաւարական նշանակութիւն ունեցող բարձունքի ազատագրումին ժամանակ։