Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարութիւն է տարածեր Բաքուի սահմանապահ ծառայողներու կողմէ Արցախի բնակիչը առեւանգելու վերաբերեալ՝ շեշտելով, որ Բաքուի այդ գործելակերպը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի աղաղակող խախտում եւ ռազմական յանցագործութիւնն  է։ 

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ՚ասուի.   «Յատկանշական է, որ  Բաքուի իշխանութիւններու այս գործողութիւնն իրենցմէ կը ներկայացնէ երկիրի նախագահի կողմէ մայիս 28-ին արուած՝ «Բերձորի ճանապարհին անցակետի տեղադրումը Արցախի հայերու համար դաս ընելու, անոնց՝ գլխիկոր ներկայանալու» յայտարարութեան եւ շարունակաբար հնչող սպառնալիքներու ուղղակի իրականացում, որոնց մասին հայկական կողմը բազմիցս ահազանգեր է միջազգային գործընկերները՝ կոչ ընելով դատապարտիլ այդ եւ նմանօրինակ այլ յայտարարութիւնները: Բաքուի այս գործողութիւնն անմիջականորեն ի ցոյց կը դնէ, որ Հայաստանի կողմէ արդեն իսկ տեւական ժամանակ բարձրաձայնուող էթնիկ զտումներու վերաբերեալ ահազանգերն կ՚արտացոլեն  առկա օրհասական վտանգներու լրջութիւնը»:

Յիշեցունք, որ Յուլիս 29-ին բուժման նպատակով Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան ուղեկցութեամբ Արցախէ Հայաստան տեղափոխուող՝ լուրջ առողջական խնդիրներ ունեցող 68-ամեա Վագիֆ Խաչատրեանը Բերձորի ճանապարհին տեղադրուած ապօրինի անցակետի քով առեւանգուեր է Բաքուի սահմանապահ ծառաիւթեան ներկայացուցիչներու կողմէ եւ տեղափոխուեր անհայտ ուղղութեամբ: Աւելի ուշ Բաքուի գլխաւոր դատախազութիւնը յաղորդագրութիւն էր տարածեր՝ յայտնելէն, որ ադրբեջանցի սահմանապահները անոր  ձերբակալեր ու Բաքու են տեղափոխեր: Վագիֆ Խաչատրեանը Բաքու շինծու մեղադրանքներ են առաջադրեր: