Իմացութիւնը խաւարէն՝ տգիտութենէ ձերբազատուելու ուղին է:
Ճշմարտութեխն որոնումը, ճշմարիտ իրականութեան ըմբռնումը հնագոյն շրջանէն ի վեր մարդու ճանաչողութեան հիմնախնդիրներէն են:
Այդ ընկալումներն կը ձեւաւորին իւրաքանաչիւր մարդու, իւրաքանչիւր ազգի աշխարհայացքը: «Յաւիտեան ուսո՛ զխրատ եւ զիմաստութիւն,
Եւ տու՛ր մեզ զանազանել զճշմարտութիւնն ի կեղծեաց» (Բանք Քրմաց):
«Յաւիտեան Խրատ» Մատեանէ՝ Քուրմ Միհր Հայկազունու մատուցմամբ, «ճշմարտութիւնը կեղծիքէն զանազանելու» կարեւորութիւնն հը յիշեցնեն մեզի մեր Նախնիք:
Ըստ Պլատոնի՝ լուսաւորուվծ մարդու՝ փիլիսոփայի՝ իմաստասերի դերն է վերադառնա՛լ հասարակութեան մէջ ու կրթի՛լ — լուսաւորի՛լ միսները:
Սակայն բարձր գիտակցութեան հասած անհատի համար հեշտ չէ իր գաղափարներն ընկալելի դարձնիլ խաւարը խարխափողները (ինչպէս քարանձաւ փակուածներն են) ու անոնց նոր ճշմարտութիւնը մատուցիլ: Քանզի, անտեղեակ իրական, աւելի լաւ կեանքի գոյոոթեանը, քարանձաւ շղթայուածները կը նախընտրեն են մթութեան՝ տգիտութեան մէջ պահող իրենց կապանքները՝ չկամենալով ազատուիլ անկէ:
Աւելին՝ արեւի շռայլ լոյսէ ետք խաւար քարանձաւի մթութեան մէջ լաւ չտեսնող իմաստնացածե կը յամարեն «կուրացած»…
«Մենք ուխտ ունինք՝ միշտ դեպի Լոյս,
Ու կ՚երթանք մեր ճամփով»…(Հ. Թումանեան)
Ուրէմն՝ «դու՛րս եկ քարանձաւէ»…