Արդեն երկար տասնամեակներ Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան փաստի եւ ատոր միջազգային ճանաչման դէմ թուրքական պետութիւնը կը պայքարէ ոչ միայն քաղաքական, այլեւ գիտական ոլորտը: Յարկ է շեշտիլ, որ թուրքական պաշտօնական պատմագրութիւն կոչուածը, ըստ էութեան, նոյնական է պատմութեան խեղաթիւրմանը, յատկապէս, երբ խնդիրը կը վերաբերի Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը : Պատմութիւնը նորովի եւ իրենց հարմար ձեւով կերտելու, այսինքն` կեղծելու հանձնարարականը թուրքական պատմագրութիւնը տրուեր էր Թուրքական պետութեան հիմնադիրի` Քեմալ Աթաթուրքի կողմէն, եւ այդ հարցը կը գտնուեր անոր անմիջական վերայսկողութեան ներքոյ: Հայութեան դէմ թուրքական պատմագիտական յարձակումը յատկապէս կ՚ակտիւանայ 1965 թուականէ ետք, եւ այդ գործընթացը կը շարունակուի մինչ օրս: Ներկայիս եւս Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան հարցը թուրքական պատմագրութեան թիւ մէկ խնդիրն է, որու ուղղութեամբ այն կ՚իրականացուի համակարգուած քաղաքականութիւն:
Այս ամէնի համատեքստին մէջ բաւական յետաքրքիր են պետական թեզէն տարբերուող տեսակետ ունեցող թուրք պատմաբաններու յօդուածերն ու հարցազրոյցները: 2005 թուականէ եւ յատկապէս հայ-թուրքական արձանագրութիւններու ստորագրումէն ետք սկսուած քննարկումներու ժամանակ առաւել առարկայական մոտեցում ունեցող որոշ թուրք պատմաբաններ, վերլուծաբաններ սկսան յօդուածներ տպագրիլ ու հարցազրոյցներ տալ Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան խնդիրի վերաբերեալ, որոնց մէջ, երբեմն, կարելի է յանդիպել ուշագրաւ բացայայտումներու եւ խոստովանութիւններու: Նկատինք նաեւ, որ յիշեալ նիւթերը հիմնականում տեղ են գտեր համեմատաբար աւելի ազատ թուրքական մամուլ: Կը ներկայացնենք քանի մը թուրք գիտնականներու արտայայտած կարծիքները Հայերու դէմ իրականացուցած ցեղասպանութեան մասին, որոնք կը վկայեն թուրքական գիտական շրջանակներու փոքր յատուած տեղի ունեցող զարգացումներու մասին:
Թաներ Աքչամ (պատմաբան) – Երիտթուրքերու իշխանութեան օրոք արտաքին գործերու նախարարի եւ ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը զբաղեցուցած Հալիլ Մենթէշը Մալթայ գրած նամակին մը մէջ կը նշէ, որ եթէ երկրէն հայերը եւ յոյները չքշեին, ապա իրենք այս պետութիւնը չէին կրնայ յիմնիլ: Նման խօսքեր շատ աւելի պարզ ձեւով ըսեր է 1920թ. Անկարայի ազգային ժողովը Հասան Ֆեհմին: «Նախքան աքսորն իրականացնիլը գիտեինք, որ մեզի մարդասպան կկոչեին»,–կ՚ըսէ եւ կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ մենք գացինք մարդասպան կոչուելուն ռիսկը»: Կը հարցնէ եւ ինքն ալ պատասխան կու տայ. «Մենք ատ ստիպուած էինք ընիլ մեր պաշտելի հայրենիքի բարօրութեան համար»:
Թուրքական պետութիւնը ստեղծուեցաւ նաեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան արդիւնքը: Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հիմնած գործիչներու փառքը մեր ազգային ինքնութեան անքակտելի մասն է: Անոնց քննադատիլը կամ մեղադրիլը կարծես նման ըլլայ ինքնամեղադրանքի, եւ սա շատ դժուար է: Բայց թուրքական պետութեան հիմնադիրներու մէջ կան մարդիկ, ովքեր մասնակից են եղեէ 1915թ. ցեղասպանութիւնը կամ տեղեակ են եղեր ատոր մասին, եւ ազատ խօսելու մեր դժուարութիւնը նաեւ այստեղէն կը բխէ:
Ըստ 1919-ի օսմանեան պաշտօնական թուերու` 800 հազար հայ է ոչնչացուեր: Հեշտ է ըսիլը` 800 հազար հայ է սպանուեր, եւ պարզ է, որ պետութիւնը պատասխանատու է այսքան մարդու սպանութեան համար: Եկեք այս պատասխանը դիտարկինք աւելի մանրամասն. ասենք թէ 800 հազար մարդ մահացաւ «քաղցէ, անբարենպաստ պայմաններէ, անհասկընալի պատճառներէն» եւ այլն: Լաւ, բայց նոյն 1916, 1917, 1918 թուականները օսմանեան կառաւարութիւնը 1,5 միլիոնէ աւելի մուսուլմաններու տեղահանութիւնը կատարեց առանց որեւէ խնդիրի: Այդ ինչպէ՞ս պետութիւնը, որ 1,5 միլիոն մուսուլմանները առանց որեւէ խնդիրի տեղահանեց, չկրցաւ խոչընդոտիլ մոտաւորապէս մէկ միլիոն հայերու կոտորածը:
Գիտեք` մենք պաշտօնական սուտ մը ունինք. Կ՚ըսեն, թէ «հայերը մեզի թիկունքէն յարուածելու էին, կը յարուածէին, այդ պատճառաւ պատերազմական շրջաններէ անոնց հանեցանք եւ առաւել անվտանգ վայրեր տարանք, որպէսզի մեր դէմ չպատերազմեին»: Սակայն կարեւոր է նշիլ, որ հայերն Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր շրջաններէն են աքսորուեր` Անկարայէն, Բուրսայէն, Քյութահիայէն, Ամասիայէն, Թոքաթէն, Սամսունէն, Էդիրնէն, Թեքիրդաղէն: Նայեք, թէ հայերը այս վիլայեթներէն կը հանին եւ ո՞ւր կը քշեն` Սիրիոյ եւ Իրաքի անապատներ: Ընդ որում, օսմանեան փաստաթուղթերով Սիրիոն եւ Իրաքը յայտարաուեր էին որպէս պատերազմական տարածք: Հայերը կը հանեն Արեւմտեան Հայաստանի կէնդրօնէ` ամէնաանվտանգ վիլայեթներէ, ուր որեւէ դեպք չի եղեր, եւ կ՚ուղարկեն ուղիղ պատերազմական շրջան` անգլիացիներու հետ պատերազմի: Մի՞թէ այստեղ տարօրինակ ոչինչ չկայ…
«Եկեք այս հարցը թողնինք պատմաբանները» նախադասութիւնը արդեն ձանձրացուցեր է: Թուրքական պետութեան արտգործնախարարութիւնն ու մեր դիւանագէտները, չգիտես ինչու, դարձեր են աշխարհի ամէնամեծ պատմաբանները: Եւ այս ամէնեն ետք կ՚ըսենք, թէ այս հարցը թողնինք պատմաբանները: Այսինքն` կթողունք պատմաբանները միայն այն ատեն, երբ անոնք կըսեն այն, ինչ դուք կ՚ուզիք: Եւ յակառակը` չեք թողներ խօսին այն պատմաբանները, որոնք կը յայտնեն ձեր տեսակետէ տարբերուող տեսակետներ: Սա ամբողջովին քաղաքական հարց է, եւ անհրաժեշտ է, որ երկու երկրներու քաղաքական գործիչները նստեն ու լուծեն այս հարցը:
Թուրքական պետութիւնը չի կարող ապրիլ այս ոճրագործութիւնը ծածկելով: Սա Թուրքական պետութեան ամոթն է: Այս ամոթով Թուրքական պետութիւնը չի կարող ոչ Եվրամիութեան անդամ դառնալ, ոչ էլ ժամանակակից աշխարհը տեղ ունենալ: Պարզապէս թոյլ չեն տա: Մենք այսօր այս հարիւրամեակն կ՚անուանենք ներողութիւն խնդրելու դար: Թուրքական պետութիւնը նման էր կաթսայի մը. ԱԳՆ-ն կափարիչն էր, որը դժվարութեաբ «կը ծածկեր» Թուրքական պետութիւնը: Այժմ այս կաթսան կը պայթ է. արդեն հնարավոր չէ Թուրքական արտաքին աշխարհէն մեկուսի պահիլ: Ամէն տեղէն կաթսան կը ժայթքէ:
Սելիմ Դերինգիլ (պատմաբան) – Կըսեն. «1915-ի դէպքերը թող պատմաբանները լուծին», սակայն արդեո՞ք պատմաբանները հարցուցեր են: Ո՛չ, թուրքական իշխանութիւններն ունին պատմաբաններ, որոնց եսկը կոչեմ «Ա թիմ»: «Հարցը թողնինք պատմաբանները» ըսելով հէնց անոնց նկատի ունին:
Թուրքական պետութիւնը կերտողները հազարաւոր մարդիկ չէին: Ատոնք քանի մը հարիւրի հասնող մարդիկ էին, որոնք բոլորն ալ 1915թ. հայերու տեղահանութեան ժամանակ այս կամ այն պաշտօնն են զբաղեցուցեր: Անոնք կամ իմացեր են դէպքերու մասին, կամ ալ անմիջականորեն մասնակցեր են ատոնց: Մեծ յաշւով նոյն մարդիկ էին: Կասուի. «Տեղահանութիւնը, կոտորածը, ցեղասպանութիւն կամ ինչ էլ որ լըլայ, այն իրականացուցեր են երիտթուրքերը»: Շատ լաւ, իսկ ովքե՞ր են այդ երիտթուրքերը: Հանրապետութեան հիմնադիրները բոլորն ալ երիտթուրքեր էին:
Հալիլ Բերքթայ (պատմաբան) – Թուրքական պետութեան պետական եւ կիսապետական դիրքորոշման խնդիրը բաւական դժուար է: 1915–1930 թուականները կոտորածներու մասին բոլորը գիտեին: Ատոր համար ալ, երբ կուսումնասիրենք այդ ժամանակաշրջանի պատմագրութիւնը, երբեք չենք յանդիպեր «այդպիսի բան չի եղեր, ատ սուտ է» արտայայտութեանը: Պատճառն այն է, որ այս իրադարձութիւնները դեռեւս սերունդներու յիշողութիւններու մէջ էին եւ բոլորն ալ գիտեին, թէ ինչ է տեղի ունեցեր: Կային նաեւ մարդիկ, ովքեր կը հպարտանային` ըսելով. «Եթե մենք չսպանեինք, անոնք էին սպանելու»: 1926 թուականին Los Angeles Examiner թերթը կը տպագրուի Աթաթուրքին հետ հարցազրոյց մը: Այդ ժամանակ արդեն աւարտուեր էր երիտթուրքական կուսակցութեան որոշ անդամներու դատաւարութիւնը: Պատասխանելով լրագրողի հարցը` Մուսթաֆա Քեմալն կըսէ. «Այն մարդիկ, ում մենք այսօր կը դատապարտենք, նախկին Օսմանեան կայսրութեան քրիստոնեա բնակչութեան նկատմամբ սարսափելի բռնութիւններու եւ կոտորածներու յեղինակներն են»:
Այշե Հիւր (վերլուծաբան-յրապարակախօս) – 1914 թուականին հաստատուած գրանցումներու համաձայն` Օսմանեան կայսրութիւն հայ համայնքը պատկանող 2538 եկեղեցի, 451 վանք եւ 2000 դպրոց կային: Աքսորէն ետք հայկական գիւղերը եւ քաղաքները բնակութիւն հաստատած մուսուլմաններու առաջին գործը կէդրօնական ու գեղեցիկ եկեղեցիները մզկիթի վերածիլն էր: Մնացածն ալ որպէս պահեստ, կաթսայատուն է օգտագործուեր: Խորհրդարանի ազգայնամոլ թեւի ներկայացուցիչ Ռըզա Նուրը 1921 թուականի մայիս 25-ին Արեւելեան ռազմաճակատի հրամանատար Քազըմ Քարաբեքիրին ուղարկած նամակը կըսեր.
«Եթէ յաջողուի Անի քաղաքին յետքերը երկրագունդէն վերացնիլ, դա Թուրքիոյ համար մեծ ծառաիւթիւն կըլլայ»: Խօսքը միջնադար հայոց թագաւորութեան մայրաքաղաքի մասին էր: Քարաբեքիրը իր յուշերու մէջ գրեր էր, որ Ռըզա Նուրի առաջարկը մերժեր է, որովհետեւ Անիի մնացորդները Ստամբուլի պարիսպների չափ տարածք էին զբաղեցնում եւ դժուար էր այդ տեսակ աշխատանք իրականացնիլը:
Երիտթուրքական կուսակցութիւնը 1915 թուականի աքսորն իրականացնելիս ե՛ւ լայն ժողովրդական զանգվածները, ե՛ւ օսմանեան պետութեան քաղաքական, վարչական ու զինւորական կադրերեւ մեծ մասին յանցակից էր դարձուցեր: Այսինքն` կար կոլեկտիվ իրականացուած յանցանք: Երիտթուրքերու գաղափարախօսութիւնը հասերէ մինչեւ մեր օրերը: Ահա այս շարունակականութեան, որը կրնանք կոչիլ յանցակցութիւն, պատճառաւ, չնայած աւելի քան 90 տարի է անցեր, բայց յնարաւորութիւն չի ստեղծուեր բացայայտիլ 1915 թուականի հայերու աքսորին (որն ալ կրնաք ցեղասպանութիւն որակիլ) իրականութիւնը:
Աշխէն Վիրաբեան
Western Armenia tv-ի լրագրող-վերլուծաբան