ՄԱԿ «Ցեղասպանութեան յանցագործութօւնը կանխարգելելու եւ պատժելու մասին» համաձայնագիրի ընդունման համար մեծ ջանքեր գործադրած եւ համաձայնագիրի համայեղինակ Ռաֆայէլ Լեմկինի ինքնակենսագրական գրառումները երկար տարիներու ջանքերէն ետք հրատարակման է պատրաստեր Դոննա-Լին-Ֆրիցը։ «Ամբողջովին  ոչ պաշտօնական» վերնագրուած գիրքը լոյս է ընծայեր Belge յրատարակչութիւնը։ Աթիլա Թոյգանը գիրքի մասին ներածական յօդուած է գրեր, որտեղ մասնաւորապէս կըսէ. «Բեռլին բնակուող Սողոմոն Թեհլիրեան անունով երիտասարդ մը կայրուեր վրեժին կրակով՝ որպէս ցեղասպանութեան ականատէս։ 1921թ. մարտը զինքը կը յաջողուի  թիկունքէն մօտնալ Թալաթ փաշան, որը կը պատրաստուեր գերմանացիներու քով, եւ կրակիլ ատրճանակէ՝ ըսելով. «Սա իմ ընտանիքիս համար»։ Զինքը անմիջապէս կը ձերբակալէ գերմանական ոստիկանութիւնը եւ կը տանէ դատարան։ 

Թեհլիրեանի կողմէն Թալաթ փաշայի սպանութիւնը կը գրաւէ Լւովի համալսարանի ուսանող Ռաֆայէլ Լեմկինի ուշադրութիւնը։ Նա կը կարծեր, որ այս պարագային պետք է դատեր սպանուողը, ոչ թէ սպանողը։ Անոր պրոֆեսորը, սակայն, այլ կարծիքի էր. անդրադառնալով պետութեան ​​ինքնիշխանութիւնը, կ՛ըսէ, որ հայերը օսմանեան հպատակներ են, եւ որ պետութիւնը կրնա ընիլ այն, ինչ կը ցանկընայ, այդ թուին՝ սպանիլ անոնց. «Անոր գործը նորանց սպանիլն է: Ատ մեր գործը չէ։ Եթէ ​​միջամտիս, ատ կը;այ իրաւունքի ոտնահարում… Յետեւաբար, երբ կը միջամտես ես որեւէ երկրի ներքին գործերը, կոտնայարեսայդ երկրի ինքնիշխանութիւնը»։

Լեմկինն կապշէ այս յայտարարութենէ. «Թեհլիրեանի համար յանցագործութիւն է մարդ սպանիլը, բայց բռնակալի կողմէն աւելի քան մէկ միլիոն մարդ սպանիլը յանցագործութիւն չէ՞: Աս  յիմարութիւն է: Ինքնիշխանութիւնը չի կրնար դիտուիլ  որպէս միլիոնաւոր անմեղ մարդկանց սպանելու իրաւունք»։ 

Իրական անոնք կէդրօնացեր էին մէկ կետին վրայ. Հայերը պաշտպանող միջազգային իրաւունք չկար։

Անցան տարիներ եւ նոյն Լեմկինը, ով Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ նաեւ ծառայեր է որպէս ԱՄՆ ռազմական դեպարտամենտի խորհրդատու, 

բացի «ցեղասպանութիւն» տերմինի «հայրը» ըլլալէն, որը կը սահմնաէ  բնակչութեան միտումնաւոր եւ համակարգուած ոչնչացման ջանքեր եւ «ցեղասպանութիւնը կանխելու եւ պատժելու» հայեցակարգի առաջամարտիկ ըլլաէն, նա դարձաւ 20-րդ դարի առաջատար միջազգային իրաւաբաններէն մէկը՝ որպէս մարդ, ով միայնակ նախազգուշացոյց  համաշխարհային յանրութիւնը այս խնդիրի վերաբերեալ»։