Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի երեսփոխանները երկրի արտաքին գործերու նախարարութիւնը կոչ են ըրեր դիրքորոշում յայտնիլ Բաքուի կողմէն Արցախ իրականացուող վայրագութիւններու դէմ։

Խորհրդարանականները նամակ են յղեր Մեծ Բրիտանիոյ արտաքին գործերու նախարար Ջէյմս Քլեւերլիին՝ կոչ ընելով վերջ տալ կառավարութեան լռութեանը եւ յանդէս գալ Բաքուի կողմէն Արցախ ապրող հայ բնակչութեան դէմ իրականացուող վայրագութիւններու դէմ: Երեսփոխաննեդը նաեւ յայտարարութիւն են տարածեր, որու մէջ մասնաւորպէս նշուած է․«Արտաքին գործերու նախարարութիւնն այժմ պետք է դիրքորոշում յայտնէ  Արցախ Բաքուի կողմէն իրականացուող վայրագութիւննեդու դէմ: Հայաստանն ու Արցախը կապող Բերձորի ճանապարհը ապօրինաբար փակուեր է Բաքուի կողմէն 2022 թուականի դեկտեմբերը՝ ուղղակիորեն խախտելով նոյեմբեր կնքուած հրադադարի յայտարարութիւնը: Այդ ատեն ի վեր գրեթէ բոլոր տեղաշարժերն ու կենսական մատակարարումները դադարեցուեր են, ինչը կը յանգեցնէ մարդասիրական ճգնաժամի վատթարացման՝ վտանգելով հազարաւոր կեանքեր:  Բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններ լուրջ մտահոգութիւններ են բարձըրցուցեյ զարգացող մարդասիրական ճգնաժամի վերաբերեալ եւ խնդրեր են ամբողջ աշխարհի կառաւարութիւնները ճնշում գործադրիլ Բաքուի վրայ՝ դադարեցնելու շրջափակումը: Amnesty International-ը Բաքուն մեղադրեր է մարդու իրաւունքներու ոլորտը իր պարտաւորութիւնները չկատարելու մէջ: ԵՄ-ն, Եվրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլը եւ եվրոպական շատ երկրներ խստորեն դատապարտեր են Բաքուի գործողութիւնները եւ կոչ են ըրեր անյապաղ վերացնիլ շրջափակումը: Միացեալ Թագաւորութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն բարեկամութեան խումբը կը խնդրէ Մեծ Բրիտանիոյ արտգործնախարարը ընիլ նոյնը եւ հասկըցնիլ, որ Բաքուի գործողութիւններու համար յետեւանքներ կ՚ըլլան, եթէ նա հիմա չգործէ»։