ԱՄՆ Սենատի արտաքին յարաբերութիւներու հարցերով հանձնաժողովը Twitter-ի իր պաշտօնական էջը անդրադարձեր է Բաքուի կողմէն Բերձորի ճանապարհի արգելափակման յետեւանքով Արցախ ստեղծուած հումանիտար ծանր իրավիճակը: Հանձնաժողովն ԱՄՆ-ն եւ անոր դաշնակիցները կոչ է ըրեր ճնշում գործադրիլ Բաքուի նախագահին վրայ։

«Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն որպէս փրկօղակ է ծառայեր Արցախի համար։ Այնույետեւ Բաքուն կտրեց կենսական նշանակութեան սնունդի եւ դեղամիջոցներու այս վերջին աղբիւրը: Աւելի քան 7 ամիս է անցեր Բաքուի կողմէն Արցախի շրջափակումէն, այժմ ժամանակն է, որ ԱՄՆ-ն եւ անոր դաշնակիցները ճնշում գործադրեն Ալիեւին վյայ», – գրուած է յաղորդագրութեան մէջ: 

ԱՄՆ Սենատի արտաքին յարաբերոթիւններու հարցերով հանձնաժողովը յաւելեր է, որ մարդկային կեանքերը վտանգուած են։