Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարարութիւնը, պատասխանելով Գերմանիա գործող Haypress լրատուականի հարցերը, յայտարարեր է, որ Գերմանիոյ կառաւարութիւնն կ՚աջակցէ  Հայաստանի եւ Բաքուի միջեւ տեւական խաղաղութեան հաստատմանն ուղղուած ԵՄ ջանքերը. Դաշնային կառաւարութիւնն այս գործընթացին մշտական կապի մէջ է ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Բաքուի ներկայացուցիչներու հետ։

Haypress լրատուականը Գերմանիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը ուղղեր է յետեւեալ հարցերը․

1․ Արդեոք Գերմանիան ներկա է գտնուեր դիւանագետներու այցին, որու նպատակն էր ականատես ըլլալ Բաքուի կողմէն մարդասիրական բեռներու փոխադրման արգելափակմանը։

2․ Ի՞նչ գործողութիւններ է ձեռնարկեր Գերմանիան այս կապակցութեամբ։

Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան պատասխանին մէջ  նշուած է․

«Դաշնային կառաւարութիւնը կ՚աջակցէ Հայաստանի եւ Բաքուի միջեւ տեւական խաղաղութեան հաստատմանն ուղղուած ԵՄ ջանքերը: Դաշնային կառաւարութիւնն այս գործընթացին մշտական կապի մէջ է ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Բաքուի ներկայացուցիչներու հետ։ Երեւան Գերմանիոյ դեսպանութիւնն այստեղ` Հայաստան, շարունակական կապի մէջ է ինչպէս Հայաստանի կառաւարութեան եւ քաղհասարակութեան, այնպէս ալ Հայաստան ԵՄ առաքելութեան հետ։ Արցախի մարդասիրական իրավիճակի վերաբերեալ դեսպանութիւնը կանոնաւոր կերպով կը համագործակցէ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) հետ, որու միջոցով Արցախի համար նախատեսուած մարդասիրական աջակցութեանը ներգրավման ամէնամեծ ծաւալները բաժին կ՚ընկնեն Գերմանիան Գերմանիան կ՚աջակցէ Բերձորի ճանապարհով մարդկանց  ապրանքներու ազատ տեղաշարժի վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշմանը, որով պետք է երաշխաւորուի Արցախի բնակչութեան կենսական կարիքներու ապահովումը»։