Յարկ է իրարմէ սահամանազատիլ .Արեւմտեան Հայաստանի հայերու հարց  եւ Օսմանեան բռնապետութեան լուծէն ազատագրուելու համար հայ ժողովուրդին պայքարը։Եթէ առաջինը, որպէս միջազգային  դիւանագիտութեան քննարկման առարկա, առաջացաւ 1877- 1878թթ․ ռուս-թուրքական պատերազմի յետեւանքով,ապա երկրորդը որպէս հայ ժողովուրդի սոցիալական եւ ազգային ազատագրութեան հարց,գոյութիւն ուներ ատկէ շատ վաղ։  

1878թ․ փետրուար 14-ին Ն․ Իգնատեւը եւ Նելիդովը ,Սան-Ստեֆանոյէն, որտեղ տեղի կ՚ունենային պատերազմող կողմերու բանակցութիւնները:  Գորչակովը յղած զեկուցագրին մէջ Սաֆւետ փաշայի բռնած դիրքի մասին կը յաղորդեն,

որ թուրքերը յատկապէս  կ՚առարկէին Բուլղարիան որպես ինքնուրոյն պետութիւն ճանաչելու դէմ։ Անոնց կը սարսափեցնէր սլավոնական պետութեան գոյութիւնը Կոստանդնուպօլիսի դարպասի քով։ Ռուսները,սակայն ամէնայն կրքոտութեամբ կը պաշտպանեին բուլղարական հարցը։ Օսմանեան կայսրութիւնը  յոյս  ուներ,որ Անգլիան կօգնէ խափանելու այդ առաջարկը : 1877թ․ ապրիլ 12-ին Ալեքսանդր 2-րդ կայսրը Քիշնեւ ստորագրեց մանիֆեստը, եւ սկսաւ ռուս-թուրքական պատերազմը։Պատերազմը կը ծաւալուեր  երկու ռազմաճակատներով՝ Բալկանեան եւ Կովկասեան։Ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանն ազատագրուեցաւ սուլթանական բռնապետութենէ։ 1877թ․ մայիսը ռուսական զորքերը գրոհով  կը վեցնեն Արդահանը։ Հոկտեմբեր Ալաջայի բարձունքները ռուսները ջախջախիչ յարուած հասուցին Մուխտար փաշայի գլխաւորած թուրքական զորքերը։Այս յաղթանակէ  ետք  ռուսական զորքը հայ կամաւորներու մասնակցութեամբ կը պաշարէ Կարսը,որու գրավումը կը յանձնարաուի գեներալ Յովհաննէս Լազարեւը։Նոյեմբեր 6-ին թուրքերը կը յանձնուին: Կարսին գրավումը Կօւկասեան կորպուսի ամէնախոշոր յաղթանակն էր։1878թ․ փետրվարը  ռուսական զորքերը կը մտնին Կարին :

Ռուսական բանակի տարած փայլուն յաղթանակին արդիւնքը 1878թ․ փետրուար 19-ի (մարտի 3) Սան Ստեֆանոյի նախնական հաշտութեան պայմանագիրն էր,որու մէջ 16-րդ յօդուածը կը վերաբերեր Արեւմտեան Հայաստան հեղաշրջումներու իրագործմանը։ Իգնատեւը պայմանագիրի մէջ 16-րդ յօդուածը մտցնիլը կը դիտեր որպէս ռուսական դիւանագիտութեան յաղթանակ եւ շատ գոհ էր,քանի որ ցարական կառաւարութեան իրաւական հիմք կու տար անընդմեջ միջամտելու Օսմանեան կայսրութիւնը ներքին գործերը,ուժեղացնելու Կ․ Պօլսոյ ռուսական դեսպանի ազդեցութիւնը եւ մեծացնելու Ռուսաստանի յեղինակութիւնը Հայաստան: Իգնատեւը լրիվ  չարդարացոյց հայ ժողովուրրի յոյսերը, այնուամէնայնիւ,16-րդ յօդուածը  որոշակի երաշխիք էր հեղաշրջումներու իրագործման,մուսուլմանական ֆանատիկներու կողմէն հայերը յալածանքներէն ու վրիժառութիւներէն պաշտպանելու ուղղութեամբ,մանաւանդ որ խնդիր էր դրուած «անյապաղ կենսագործիլ» բարենորոգումները եւ ռուսական զորքերը պահիլ հայկական վիլայեթները մինչեւ հեղաշրջումներու իրագործումը,քաջ գիտենալով սուլթանի մեծ խոստում տալու եւ արագ «մօռնալու», անգամ փոքրը չկատարելու քաղաքականութիւնը։ 

Սան Ստեֆանոյի պայմանագիրի 16-րդ յօդուածը հեռու էր հայերու ձգտումներն ու ցանկութիւններն արտայայտելէն։Սակայն պատմական տուեալ պայմաններե,ատ  անոնց համար նպաստաւոր յօդոած մ՚ըն էր։Թեկուզ այն,որ այդ պայմանագիրով թուրքական կառաւարութիւնը կը պարտաւորուեր մինչեւ ռուսական զորքերու հեռանալը Հայաստան տեղական պահանջներից բխող հեղաշրջումներ անցկըցնիլ եւ հայերու անվտանգութիւնը պաշտպանիլ,անկասկած,դրական նշանակութիւն կունենար եւ որոշ չափով կթեթեւացներ անոնց ծանր վիճակը։Բայց 16-րդ յօդուածը մնաց թուղթի վրայ եւ  չիրագործուեցաւ, որովյետեւ շուտ գումարուեցաւ Բեռլինի կոնգրեսը եւ Սան Ստեֆանոյի պայմանագիրը վերափոխուեցաւ:

Այսպիսով, Սան Ստեֆանոյի պայմանագիրով Կարսի, Արդահանի, Բաթումի, Բայազետի եւ մինչեւ Սողանլուղ ընկած տարածքին հայերրը միացուելու էին Արեւելեան Հայաստանի հայերը,իսկ Թոմ մնացող հայերու համար խոստացան ապահովիլ անձի անվտանգութիւն,գոյքի անձեռնմխելիութիւն՝ տեղական պահանջներէն բխող հեղարջումներու իրագործում։Բացի այդ,առաջին անգամ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու հարցը բարձըրցաւ միջազգային դիւանագիտութեան ասպարէզ, եւ սուլթանական կառաւարութիւնը պաշտոնապէս ճանաչեց անոր  գոյութիւնը:  

Շարունակելի․․․

Աշխէն Վիրաբեան

Western Armenia tv-ի լրագրող-վերլուծաբան