44-օրեա պատերազմի ընթացքին, երբ Վահէ Ասատրեանէ ընտանիքը լուր չուներ ու համացանցով կը փնտրեր զինքը, շատ տղաներ կը գրէին մայրը ու կ՚ըսեին, որ Վահեն է իրենց վիրակապեր ու դուրս հաներ դիրքերէն: Երեւանի պետական Հենակետային քոլեջի դեղագործական բաժին էր սովրեր ու կ՚երազէր ատամնաբոյժ դառնալ։ Քոլեջը սովրածն ալ բաւականացուցեր էր շատ ընկերներու կեանք փրկիլ դիրքերը:
Երբ պատերազմը սկսաւ, Վահէն 2 ամսուա ծառայող էր․ հազիվ էր հասուցեր յարմարուիլ ծառաիւթիւնը, զենքը եւ զինւորական կոշիկները։ Որպէս հայրենիքի երդուեալ պաշտպան՝ Վահէն մեկնեց առաջնագիծ եւ մասնակցեց Ջրականի եւ Ասկերանի, այնույետեւ նաեւ բերդաքաղաք Շուշիի մարտերը:
Վիրաւոր դաստակով, իր վիրաւոր ընկերոջը գրկած՝ Վահէն փորձեր էր դուրս գալ Շուշիի մատոյցներէ: Ճանապարհին զանգեր էր հայրը ու ըսեր, որ Կժկժան ձորի յատուածն են ու կը սպասեն մութն ընկնի, որ նահանջեն։ Լուսաբացին Վահեն այլեւ կապի դուրս չեկաւ․․․
Նոյեմբեր 15-ին Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ Վահէի մարմինը տեղափոխուեցաւ Մարտունի։ Վահէն զոհուեցաւ հէնց իր ծննդեան օրը՝ նոյեմբեր 12-ին։ Մինչ ծառաիւթեան երթալը Վահէն իր հայրենի Գեղարքունիքի մարզի Արմաղան լեռան լանջին քով 300 ծառ էր տնկեր՝ հիմնելով իր երազած այգին։ Կը ցանկընար վերադառնալ ու հանգստեան գոտի կառուցիլ այգին: Նախքան ոռոգման համակարգ կառուցիլը Վահէն տարաներով մէկ առ մէկ կը ջրէր իր այգու ծառերը։ Հիմա ծնողներն կը շարունակեն իրականացնիլ Վահէի նպատակները․ կը խնամեն այգին։ Վահէի մայրը՝ Լիլիթը, դեղագործութիւն կը սովրի, որ դեղատուն բացէ, ինչպէս Վահէն կ՚երազեր: