Բաքուն դիտաւորութեամբ հոգեկան տառապանքներ է պատճառերհայ զինծառայողներու մայրերը, քոյրերը եւ անոնց ընտանիքներու միւս անդամները:
Իրաւունքի եւ արդարութեան կէնդրօն «Թաթոեան» հիմնադրամը փաստերով նոր զեկոյց է ներկայացուցեր։
Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Բաքուի սանձազերծած 2020թ. 44-օրեա եւ 2022թ. սեպտեմբեր 13-14 պատերազմներու ընթացքին ադրբեջանական զինուած ուժերը կատարեր են բազմաթիւ պատերազմական յանցագործութիւններ, այդ թուին՝ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձանց խոշտանգումներ, արտադատական սպանութիւններ։ Ատոնց հիմքը այդ երկրի իշխանութեան հայատեացութեան եւ թշնամանքի, ֆաշիստական շարունակվող քաղաքականությունն է։ Արհեստական քրեական յետապնդումներով եւ շինծու դատական ակտերով մինչ օրս Բաքուն չի վերադարձնի հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական անձանց։ «Facebook», «Twitter», «TikTok» եւ այլ սոցիալական ցանցերը ադրբեջանական օգտայաշիւներով, թիրախաւորելով հայկական լսարանը, տարածուեր եւ անմիջապէս ընտանիքները են ուղարկուեր իրենց ընտանիքներու զինծառայող անդամներու լուսանկարները սպանուած եւ խոշտանգուած վիճակով։
Այդ կերպ Բաքուն իշխանութիւնը մտադրուած հոգեկան տառապանքներ կը պատճառէ հայ ընտանիքները թէ’ Արցախ, թէ’ Հայաստանմ։ Այս զեկոյցը կը քննարկէ եւ իրաւական գնահատական կու տայ ադրբեջանական այդ յանցաւոր արարքները։ Ուսումնասիրութիւնները կը յաստատեն, որ նշուած յանցանքները կը խրախուսուին Բաքուի իշխանութիւններու կողմէն։ Ատոնք նպատակ ունին ծանր հոգեբանական ցաւ պատճառիլ ընտանիքները եւ պահպանիլ լարուածութիւնը հայ հասարակութեան մէջ։