Այս տարի «Մնձուրի բնութեան եւև մշակոյթ»-ի 21-րդ փառատոնը, որը կը կրէ «Մենք կը պաշտպանենք բնութիւնն ու կեանքը ընդդէմ հանքարդիւնաբերութեան թալանի» կարգախօսը, տեղի կունենա օգոստոս 3-6-ը Դերսիմ։ Դերսիմի նահանգապետարանը յանձնարարեր է փառատոնի կազմկոմիտէն՝ արգելիլ շարք մը երաժշտական խումբերու, այդ թուին՝ հայկական «Վերադարձ» ազգագրական համոյթի ելոյթները։

Դերսիմ Հայ Պլատֆորմ-ը արձագանքեր է նահանգապետարանի որոշմանը եւ այդ առիթով յայտարարութիւն տարածեր․ «Մեծ ցաւով եւ անհանգստութեամբ տեղեկացանք, որ Դերսիմի նահանգապետարանի կողմէն արգելուեր է հայկական ազգագրական «Վերադարձ»  խումբի ելոյթը «Մնձուրի մշակոյթի եւ բնութեան» 21-րդ փառատոնը։ Այս որոշումը ստուեր կը նետէ մեր մշակութային հարստութեան եւ մարդոց միջեւ կամուրջներ կառուցելը մղուած ջանքերու վրայ: Որպէս Դերսիմ Հայ պլատֆորմ  կազմակերպութիւն մենք դեմ ենք բոլոր տեսակի խտրականութիւնները ու նախապաշարմունքները եւ կաջակցինք մարդոց՝ ազատորեն արտայայտելու իրենց մշակութային ինքնութիւնը: Մշակոյթներու միջեւ փոխըմբռնման եւ յարգանքի հիման վրա կառուցուած փոխգործակցութիւնը հասարակութիւններու միջեւ կը ձեւաւորէ համերաշխութեան եւ եղբայրութեան ամուր կապ: Մշակութային բազմազանութիւնը մարդկութեան ժառանգութեան մաս մըն է, եւ այն աւելի կը հարստանայ տարբեր մշակոյթներու փոխգործունեութեամբ: Այդ պատճառաւ տարբեր մշակոյթներ ներկայացնող արուեստագետներու եւ խումբերու ընդգրկումը այնպիսի կարեւոր միջոցառմանը, ինչպիսին Մնձուրի փառատոնն է,  քայլ է, որն կամրապնդի  սոցիալական ինտեգրումը։ Աջակցինք «Վերադարձ» ազգագրական խումբի մասնակցութիւնը Մնձուրի փառատոնը եւ  ձեռք ձեռքի տանք յանդուրժողականութեամբ եւ սիրով լի ապագային համար»: 

https://www.gazeteperperik.com/tum-haberler/dersim-hay-platformundan-festival-yasaklarina-tepki/11907/2023/08/01/