Սան Ստեֆանոյի պայմանագիրի 19-րդ յօդուածի համաձայն Օսմանեան կառաւարութիւնը պետք է Ռուսաստանը վճարեր 1․ 400 միլիոն ռուբլի կոնտրիբուցիա։ Բացի 16-րդ յօդուածէն , Արեւմտեան Հայաստանի հայերու հարցին կը վերաբերեին նաեւ պայմանագիրի 25 եւ 27-րդ յօդուածները։ Պայմանագիրի 25-րդյօդուածը կը վերաբերէ ռուսական զորքերը ետ քաշմանը Արեւմտեան Հայաստանէն, այն է «Ասիական Թուրքիոյ մաքրումը ռուսական զորքէն տեղի կունենա վեց ամսուա ընթացքին, վերջնական յաշտութիւնը կնքելէն ետք»։ 

Սան Ստեֆանոյի պայմանագիրի 27-րդ յօդուածի  համաձայն,Թուրքական կառաւարութիւնը իրաւունք չուներ պատժելու եւ յետապնդելու այն անձաւորութիւնները,որոնք պատերազմի ժամանակ օգներ էին ռուսական բանակը եւ նպաստեր անոր յաղթանակի գործը։Դա առանձնապէս կարեւոր նշանակութիւն ուներ հայերու համար,որովյետեւ սլաւոնական ժողովուրդները արդեն ձեռք էին բերեր իրենց անկախութիւնը ռուս ժողովուրդի եղբայրական օգնութեան շնորհիւ,իսկ հայերը դեռեւս շարունակելու էին մնալ թուրքական բռնակալութեան տակ եւ յարկաւոր էր այդ յաշուի առնիլ։ Ատոր համար պայմանագիրի այդ յօդուածը  նախատեսուած է եղեր․ Պայծառափայլ Դուռը պարտաւորութիւն կը վերցնէ ոչ մի կերպ յետապնդիլ եւ թոյլ տալ յետապնդելու թիւրքահպատակները, որոնք պատերազմի ատեն յարաբերութիւն են ունեցեր ռուսական բանակի հետ»։ Թուրքական պետութիւն փաստորեն դուրս կը վռնդուեր Բալկանեան թերակղզիէն ,Բաթումէն եւ  Արեւմտեան Հայսատնի զգալի մասէն մը,որ անշուշտ ուներ առաջադիմական նշանակութիւն, եւ որոնց համար «․․․ Ռուս ժողովուրդը կորցուցեր է մոտաւորապէս 200․ 000 մարդ․․․ »։

Ռուսաստանը յետագային կը յրաժարուի իր մտադրութիւններէ Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ։Ռուսաստանի այդ պահանջի իրագործումը կը յանդիպի   նաեւ Անգլիոյ համառ դիամդրութիւնը։Արեւմտեան Հայաստանի ինքնաւարութեան ստեղծումը կը նշանակէ Ռուսաստանի ազդեցութեան տարածումը ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Տրապիզոնէ Իրանի վրայով դէպի Հնդկաստան տանող առեւտրական ճանապարհին վրայ ու ներթափանցիլ Հնդկաստան։Այդ պատճառաւ ալ անգլիական դիւանագիտութիւնը բոլոր միջոցները կը գործադրէր Ռուսաստանը Արեւմտեան Հայաստանէ դուրս մղելու եւ  իր ազդեցութիւնը այնտեղ ամրապնդելու համար։Այդ պատճառաւ ալ Անգլիան համառ կը դիմադրէր Ռուսաստանը Արեւմտեան Հայաստանի հարցին մէջ ։Իսկ Ռուսաստանը,որը շատ էր թուլացեր Ղրիմի կամպանիայի եւ այնույետեւ ռուս-թուրքական 1877-1878թթ․ պատերազմի ատեն,ի վիճակի չէր դիմադրելու եվրոպական տերութիւններու ճնշումները ու սպառնալիքները եւ ստիպուած կըլլայ Արեւմտեան Հայաստանի հարցով տեղի տալ։

Միջազգային դիւանագիտութեան մէջ անուանապէս մուտք գործեց Արեւմտեան Հայաստանի հարցը, որը յետագային այնքան հոգսեր պատճառեց անպաշտպան արեւմտահաիւթիւնը յատկապէս ատոր  յաջորդող վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին։ Սան-Ստեֆանոյի որոշումներէն դժգոհ էին բոլոր կողմերը։Թուրքական պետութիւնը դժգոհ էր, քանի որ կորցնելով եվրոպական մարզերն ու աֆրիկեան տիրոյթները, միտք ուներ ամրանալու Փոքր Ասիա, յենուելով մահմեդաբնակ ազգերու վրայ,ծնունդ տալով թուրանական նոր պետութեան։Համիդն իր արտգործնախարար,մահմեդականացած յոյն Կարաթեոդոր փաշայի բերանով եվրոպական մեծերէն օգնութիւն կաղերսեր նոյնիսկ փաստաթղութի ստորագրումէն ետք։ Անգլիան գոհ չէր,որովյետեւ Ռուսաստանի ամրանալը Անդրկօւկաս ուղղակի սպառնալիքներ կը ստեղծեր ոչ միայն Փոքփ Ասիոյ, այլեւ բրիտանական թագուհու թագի մարգարիտ յանդիսացող Հնդկաստանի զաւթումին։Լոնդոնի գրասենեակը նոր բհիստերիայով դիմեց Ավստրո-Հունգարիան՝ զինքը խօստանալով Բոսնիան եւ  Հերցեգովինիան,Ֆրանսիան «տալով» Ալժիրն ու Թունիսը,Օտտո Բիսմարկին առաջարկելով տնտեսական գոտիներու բաժանիլ Թուրքիան եւ մեծ բաժին յատկացնիլ Եվրոպայի քարտեզին վրայ  քանի մը տարի առաջ միաւորուած տեսքով յայտնուած կայզերական Գերմանիան։ Անգլիան Եվրոպան միաւորեց Ռուսաստանի դէմ,եւ պահանջ առաջացաւ ՍանՍտեֆանոյի դաշնագիրը վերանայիլ Բեռլին այն տերութիւններու մասնակցութեամբ,որոնք ստորագրեր էին Փարիզի խաղաղութեան պայմանագիրի տակ։ Ռուսաստանը եւս դժգոհ էր։ Ռուսական զորքերը ծով արիւն էին թափեր Շիպկայի եւ Պլեւնայի պատերու տակ,Բայազէտի մատոյցները, Կարսի բերդ-ամրոցի գրաուման պահին։ Անոնք յաղթանակ էին տարեր օսմանեան կայսրութեան դէմ մղած հերոսական պատերազմին ,սակայն այժմ իրենց դէմ յանդիման կանգնած էր Բրիտանական ծովագայլը համաեվրոպական պատերազմին սպառնալիքով։ Հայ ժողովուրդը սկիզբը,իր ընտրանու արտայայտութեամբ,ցնծութեան մէջ էր։Կեսհազարամեա պատմութեան ընթացքին Թուրքական  դիւանագիտական փաստաթուղթերու մէջ առաջին անգամ կը ճանչընար եւ կարձանագրէր «Հայաստան բառը, կը խօստանար, նոյնիսկ կը պարտաւորուեր բարեփոխումներ մտցնիլ այդ երկիրը։ Հայերու ինքնաւարութիւն տալու ճարպիկ խաղը ձեւաւորուեր էր Լոնդոնի գրասենեակ, յանձնարարուեր Կ․ Պոլսի անգլիական դեսպան Աուստեն Հենրի Լեյարդը՝ ոչ միայն բացատրիլ ու յամոզիլ Համիդ 2-րդին թակարդի յետագա ընթացքը,այլեւ Ն․ Վարժապետեանի այդ ուղղութեամբ կատարուելիք քայլերը ազատութիւն տալ։Բայց ոչ բոլոր հայերն էին ռոմատիկ կամ միամիտ։ Արմատական թեւի պատկանող, հայատառ թուրքերէն։ «Մյունատի», ետք «Թերճիման Էֆքյար»  պարբերականի խմբագիր Կարապետ Փանօսեանը Ազգային ժողովի բեմ կը բարձըրնար եւ զայրացած կասեր․ «Ի՞նչ կենք,ու՞ր կը տանեք ազգը, սեւագլուխ եւ ինքնակոչ դիւանագետներ․․․ ո՞վ կու տայ մեզի ինքնաւարութիւն, ո՞րու վրան կը դնէք ձեր յոյսը։ Այն շահամոլ եւ նենգ Եվրոպայի վրայ, որն կուզէ պահպանիլ Թուրքական պետութեան գոյութիւնն իր շահադիտական նպատակներու համար»։ 

Շարունակելի․․․