Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ գիւղի բնակիչները մեծ ջանքեր կը գործադրեն շրջափակման յարուցած խնդիրները ինչ-որ չափով յաղթայարելու համար:

«Արցախպրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին Նորագիւղ գիւղի ղեկաւար Վլադիմիր Պետրօսեանն ըսեր է, որ վառելիքի սղութեան պայմանները մեծ դժուարութեամբ կարողացեր են աւարտը հասցնիլ գարիի եւ ցորենի հունձը:«Այս տարի բերքատւութեան ցուցանիշները գոհացուցիչ չեն, բերքի որակն ալ իր հերթին բարձր չէ` եղանակային պայմաններէն ելնելով: 

Սակայն պետք է նշիմ, որ, նախորդ տարուա համեմատ, համայնքը երկու անգամ աճեր է ջերմոցներու քանակը, կատարուեր է մեծ ծաւալի բանջարաբոստանային մշակաբոյսերու ցանքս: Ուրախալի փաստ է, որ բերքը չի տուժեր կարկտայարութենէ եւ կը բաւարարէ բնակիչներու պահանջները, աւելին` վաճառքի կը հանին»,-մանրամասներ է Վ.Պետրօսեանը:

Գիւղապետին խօսքով` այս օրերը շրջվարչակազմի աջակցութեամբ գիւղը կը փորձեն լուծիլ հացի սղութեան խնդիրը: Կը ծրագրեն ունեցած ցորենէ ալիւր ստանալ, ու իւրաքանչիւր ընտանիք իր տանը հաց կթխէ: Գիւղը կը փորձեն բաւարարուիլ եղած մսի պաշարներով: Վառելիք չունենալու պատճառաւ խոտի դեզերը արոտավայրերէն գիւղ հասցնելու հետ կապուած եւս խնդիրներ կան: «Բուժկետն ու դեղատունը եղած պաշարներով դեռեւս կը շարունակին օգնիլ համագիւղացիները: Մանկապարտեզն ալ ունեցած միջոցներով կը շարունակէ գործունեութիւնը: Բնակիչները չեն ուզեր կորցնիլ յոյսը, որ Բերձորի միջանցքը կբացուի, կունենանք ազատ տեղաշարժի յնարաւորութիւն եւ կլուծուի պարէնամթերքի խնդիրը»,-ընդհանրացուցեր է Նորագիւղի գիւղապետը: