1920թ. սկիզբը օգտվելով ֆրանսիացիներու անտարբերութենէ՝ քեմալականները հարձակման անցան Կիլիկիոյ ուղղութեամբ` դեպի Մարաշ: Ֆրանսիացիներու` Մարաշը լքելու քայլը ողբերգական նշանակութիւն ունեցաւ ոչ միայն քաղաքի, այլ ամբողջ Կիլիկիոյ հայութեան համար: Քաղաքը և փախուստի ընթացքին հազարաւոր հայ մարաշցիներ կոտորուեցան: Փրկուածներու մաս մը ապաստանեց Սիրիա: Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները կը շարունակեին հավտալ, որ ֆրանսիացիներու օգնութոամբ հնարավոր կըլլար Կիլիկիոյ անջատումը կործանուող Օսմանոան կայսրութենէ եւ անոր ինքնավարութիւնը Ֆրանսիոյ յովանաւորութեան տակ:
1920թ. օգոստոս 4-ին Ադանայ Ազգային խորհուրդը Միհրան Տամատեանի գլխաւորութեամբ հռչակեց Կիլիկիոյ անկախութիւնը. «Այսօրուընէ սկսած` Կիլիկիան յանդիսաւորապէս կը յռչակենք Թուրքիայէն բոլորովին անկախ, ազատ երկիր` օժտուած քրիստոնեական ինքնաւար վարչութեամբ եւ Ֆրանսիոյ մանդատին տակ»:
Սակայն ֆրանսիացիները ոչ միայն դրժեցան իրենց խօստումը, այլեւ Կիլիկիան անկախ հռչակելէն մէկ օր անց` օգոստոսի 5-ին, երբ հայերը Տամատեանի գլխաւորութեամբ Ադանա կառաւարչատունէն հեռացուցին Վալիին ու միւս թուրք պաշտօնեաները եւ իրենք զբաղեցուցին տարածքը, նոյն Բրեմոնը Տամատեանէ պահանջեց հեռընալ շենքէ: Երբ հայերը մերժեցան կատարիլ թուացեալ բարեկամներ ու դաշնակիցներ ֆրանսիացիներու պահանջը, անձամբ կառաւարչատուն եկաւ Բրեմոնը եւ, զինւորական սպառնալիքներ տեղալով, շենքէ հեռացուց Տամատեանը:
Կիլիկիոյ անկախութեան վերաբերեալ քննարկումը դիտեք մեր իւթուբեան ալիքը։