Գեւորգ Ջաւախեանի ծառաիւթեան մեկնելէն մէկ օր առաջ հրապարակած գրառումը սոցցանցը, անոր զոհուելէն ետք ապշեցուցեր էր բոլորը․ «Ես չեմ ուզեր  կիսուիլ իմ պլաններուս մասին, մաքսիմում կրնամ ըսիլ, որ շուտով դուք կլսեք իմ անունս աւելի բարձր»։ Այդպէս ալ կը յնչէ անոր անունն այսօր՝ բարձր ու յստակ՝ հայրենիքի համար հերոսաբար անմահանալէն  ետք:

«Իսկական տանկիստ էր Գեւորգը», – կը բնութագրեն զինքը հրամանատարները։ Թեւ միշտ կը ցանկընար  կապաւոր դառնալ, բայց ծառաիւթիւնը սկսեր էր Արմաւիրի ուսումնական զօրամասը՝ որպէս տանկիստ, ու շարունակիլ Խոջալուի տանկային զորամասը:  Ինչպէս փոքր տարիքը դպրոցե, այնպէս ալ զորամասը, բոլորի ուրախութիւնն էր իր լուսաւոր կերպարով։

«Գեւորգն ուշ խօսելու պատճառաւ իր ամբողջ զգայական ներաշխարհը կը յանձնէր թուղթը ու սեւ-սպիտակ պատկերներ կը նկարէր: Արուէստը շատ մոտ էր ու նկարելէն  զատ  երաժշտութեամբ կը զբաղուեր, Հայաստան beatbox-ի ֆեդերացիոյ առաջին անդամներէն էր։ Հենց beatbox-ի շնորհիւ ալ յետագային կը կանչեն նկարահանուելու երիտասարդական սերիալներէն մէկը, որմէ կը սկսի իր դերասանական կարիերան», – կը պտմէ քոյրը՝  Սեդան։

Կապուտաչեա ու խարտեաշ Գեւորգն արդեն 19 տարեկան դարձեր էր հանդիսատեսի սիրելին․ փողոցը հանգիստ չէին կրնար  քայլել Գեւորգի հետ․ բոլորը կը ճանչնաին, կը մոտենային, կը խօսեին ու կը լուսանկարուեին: 

Ծառաիւթեան ընթացքին՝ մինչ 44-օրեա պատերազմը, 2020թ․ Տաւուշեան դեպքերու ժամանակ առաջնագիծ էր եղեր, եւ ետք միայն տանեցիները ըսիլ այդ մասին։ 44-օրեա պատերազմի ամբողջ ընթացքին ալ ընտանիքը չէր յայտներ, թէ Արցախի որ յատուածն են տեղափոխեր զինքը: Հոկտեմբեր 23-ին Գեւորգը կը տեղափոխեն Կարմիր Շուկա։ Ատկէ ետք զանգեր է քրոջ ամուսինը ու ըսեր. «Եթէ ինձի հետ բան մը պատահէ, քրոջս ու տանեցիներըս լաւ կնայես»։

Սէդան կը պատմէ՝ անգամ մը եղբոր հետ խօսելիս ըսեր է՝ ամէն օր կ՚աղօթէ անոր համար, սակայն Գեւորգն ուղղեր է, թէ միայն իր չէ, այլ բոլոր զինւորներու համար պիտի աղօթիլ։

Գեւորգը պատերազմի ընթացքին կ՚ոչնչացնէ թշնամու մէկ տանկ ու կը խոցէ քանի մը տեսակի զրահատեխնիկա։ Սակայն հոկտեմբեր 24-ին թշնամու անօդաչուն կը գտնէ Գեւորգի տանկն ու կը խոցէ՝ ծանր վնասուածքներ հասցնելով զինքը:  Քանի մը օր Գեւորգն անգիտակից վիճակով կմնայ հիվանդանոց: Հոկտեմբեր 28-ին Գեւորգ Ջաւախեանն կ՚անմահանայ ու, ինչպէս որ կը ցանկընար , կը հնչեցնէ իր անունը բարձր ու լսելի բոլորը: