Համշենահայ մտաւորականները, մասնաւորապէս «Գոր» ամսագիրի խմբագրակազմը եւ «Հատիկ» միութեան ղեկավարները կը շարունակեն ուշագրաւ միջոցառումներ կազմակերպիլ: Այդ մասին կը յայտնէ Akunq.net-ը։

Աղբիւրի համաձայն, սոյն թուականի օգոստոս ամիսը  անոնք  որոշեր են միջոցառումներու շարք իրականացնիլ համշէնահայերով հոծ բնակեցուած Արդուին նահանգի Հոփա եւ Քեմալփաշա գաւառները:

«Մեք մեզի» («Մենք մերոնցով») խորագիրը կրող մշակութային միջոցառումներու այդ շարքի շրջանակները Քեմալփաշա գաւառի մերձակայքը գտնուող Մաքրիեալ եկեղեցու մոտակայքը եւ Հոփա քաղաքը համերգներով յանդէս կու գան համշէնական «Վովա» համոյթը, համշէնահայ երգչուհի Այշենուր Քոլիվարը, սեւծովեան մեղեդիներ կատարող «Էնթու» երաժշտական խումբը եւ համշէնական երգեր ներկայացնող «Մելուսես» ռոք խումբը։

Հանրամատչելի գիտամշակութային միջոցառումներու այդ շարքն կ՚ընդգրկէ նաեւ Համշէնի եւ համշէնահաիւթեան թեմաներով սեմինարներ ու դասախօսութիւններ։ Բանախօսներու շարքն են համշէնահայ յայտնի բեմադրիչ Օզջան Ալպերը, «Հատիկ» միութեան ղեկաւարներէն Հիքմեթ Աքչիչեքը եւ համշէնահաիւթեան թեմաներով գիքերու յեղինակ  Մահիր Օզքանը։