Պօլսոյ հայերու կողմոն  Բեռլինի վեհաժողովը  բուռն քննարկումներու ու  բանավեճերու առիթ դարձաւ եւ չէին կրնար ընդհանուր կարծիք մշակիլ, որն ազդեցութիւն ունեցաւ նաեւ վեհաժողովւ մասնակցելու համար ձեւաւորուած կազմին վրայ։ Պատւիրակութեան երեք անդամներէն Մ․Չերազըմոլին անգլոֆիլ էր, Նար Պեյը (Խորէն Գալֆաեան) ռուսաֆիլ,իսկ Մ․Խրիմեանը կը յայտարարէր, թէ ինքն այն տերութեան կողմն է, ով կլուծէ «մեր հարցը», սակայն չէր յարի անոնց, ովքեր կը դնեին Արեւմտեան Հայաստանը Օսմանեան կայսրութեան կազմէն դուրս բերելու հարցը։ Հայացքներու այս խայտաբղետութիւնը բացասական լուրջ ազդեցութիւն ունեցաւ պատւիրակութեան գործունեութեան վրայ, վեճերն ու աղմուկը շատ ժամանակ կը խլեին։ Պատւիրակութեան անդամները միմեանց հետ յաշտեցնելու համար պատրիարքը Բեռլին ուղարկեց չորրորդ գործիչը՝ Ստ․Փափազեանը։Բեռլին օսմանեան դեսպանատունը ծաղրեցին՝․Խրիմեանը թուրքաֆիլ,Չերազը՝ անգլոֆիլ,Նար Պէյը՝ ռուսաֆիլ,իսկ Փափազեանը՝ յաշտարար, ահա հայոց պատւիրակութիւնը։ Սակայն հայկական շրջանները տիրապետողը Անգլիոյ օգնութեամբ Հայկական հարցը լուծելու կարծիքն էր։

Բեռլին գլխաւոր հակամարտ ուժերը Անգլիան ու Ռուսաստանն էին։ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ պատերազմը դեռ կը շարունակուեր, երբ Անգլիան աշխարհով մէկ բարձրաձայնեց, թէ գրաւելով Հայաստանը, Ռուսաստանը կը փակէ Անգլիոյ առեւտրական ճանապարհները։ Բենջիամին Դիզրայէլին պահանջեց Ռուսաստանը դադարեցնիլ հարձակողական գործողութիւնները, այլապէս նա 300 հազարանոց բանակ կմտցնէ։ Վիկտորեա թագուհին նոյնիսկ յայտարարեց․ «Որքան կուզեի տղամարդ ըլլալ եւ ռուսներու դէմ կռուիլ»։ Դիզրայէլին կը փառաբաներ թուրքերու բարեմասնութիւննրը եւ տունը ֆես կը կրեր։ Ռուսական պատւիրակութիւնը ղեկաւար էր արտաքին գործերու նախարար ծերուկ Ա․ Գորչակովը, որու կազմին մէջ էր նաեւ կոմս Շոււալովը։

Անգլիոյ առաջարկները վեհաժողովը խիստ հակառուսական էին եւ ի չիք կը դարձնեին ռուսական զէնքի յաղթանակները։ Երբ Բիսմարկը Դիզրայէլին հարցոյց՝ անոր առաջարկները վերջնագի՞ր են, վերջինս պատասխանեց․ «Անտարակոյս», եւ եթէ ատոնք չընդունուին, Անգլիան պատերազմ է սկսելու։ Եվրոպական յեղինակներէն մէկը Բեռլինի վեհաժողովն անուաներ է «օձաձկներու ժողով»։Ոչ միայն Անգլիոյ, այլեի վեհաժողովի մասնակից միւս պետութիւններու ներկայացուցիչները մարդասիրական նպատակներու, փոքր ու ճնշուած ժողովուրդներու շահերը պաշտպանելու մասին ճառեր ըսելու եւ խոստումներ տալու գործին ատեն  չէին զլանա, իսկ գործնականը զբաղուած էին իրենց պետութիւններու գաղութատիրական-եսասիրական շահերն առաջ տանելով։