Գիւմրիի «Շիրակ» մարզադաշտը տեղի ունեցաւ Համահայկան 8-րդ ամառային խաղերու բացման յանդիսաւոր արարողութիւնը: Մարզադաշտ մտնող պատւիրակութիւնները ներկայացնելէն առաջ ունեցած կարճ ելոյթը Գիլոեան ընդգծեց, որ Համահայկական մարզական խաղերը կայացած են, ատոնք հիանալի են դրսեւորեր իրենց, մասնակիցներու քանակն ալ յետզյետէ կ՚աւելանր է։ «Այսօր 41 պետութեան 179 քաղաքի 7161 պատւիրակ ժամաներ է Հայաստան եւ մասնակցելու է Համահայկական 8-րդ ամառային խաղերը»,- նշեց Գիլոեանը։ «Համահայկական խաղերը դարձան միասնութեան, եղբայրութեան, սիրո ու համերաշխութեան իսկական պատգամ այսօրուա եւ գալիք սերունդներու համար։ Համահայկական խաղերը մեծ մարզական տոնի միջոցով հայկականութեան, հայապահպանութեան, հայաստանակէնդրօն հայութեան միաւորման գաղափար են։ Վստահ եմ՝ ցանկացած բանական մարդ սա կը հասկընա»,- նշեց Զաքարեանը։ Համահայկական ամառային 8-րդ խաղերու կառավարման կազմկոմիտէի նախագահ, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Հարութիւնեաը իր ելոյթը նշեց, որ կառաւարական հանձնաժողովը այս ընթացքին ոչ մի ջանք չի խնայեր, որպէսզի այս Համահայկական խաղերը ըլլան լաւագոյնը պատմութեան ընթացքին։ « Կը կարծեմ, որ առաջին իսկ օրուընէ մեր կողմէն դրուած բարձր նշաձողը մենք կարողացեր ենք պահիլ, պահելու ենք եւ օգոստոս 19-ին արձանագրելու ենք, որ մեր հայրենակիցները, որոնք այստեղ են, հաճոյք ստացան Խաղերէն, սիրեցին Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ հանձն առան վերադառնալ հայրենիք»,- ըսաւ Հարութիւնեանը։