Իրաւունքի եւ արդարութեան «Թաթոեան» հիմնադրամի ղեկաւար, Հայաստանի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոեանի յայտարարութիւնը Արցախ տեղի կուենանր զանգուածային (մարդասիրական) աղետ։ 120.000 հայեր արդեն 240 օր է, ինչ ադրբեջանական շրջափակման մէջ են։ Մարդիկ, յատկապէս երեխաները, յղի կանայք եւ տարեցները թերսնման պատճառաւ կը բախուին առողջական սուր խնդիրներու: Արցախ կը բացակայեն ամէնաանհրաժեշտ սննդամթերքն ու կենսական կարեւոր ապրանքները։ Բաքուի հայատեաց ֆաշիստական քաղաքականութիւնը եւ միջազգային իրաւունքի յանցաւոր խախտումներու համար անպատժելիութիւնը կը խթանեն Արցախ բնակուող էթնիկ հայերու նկատմամբ նոր եւ աւելի դաժան վարքագիծ: